image
Հրատապ լուրեր:

CHP-ի մեծ բաժանումը․ Օզկիւր Օզէլի «Ենի Փարթի»ն կը փոխէ Թուրքիոյ քաղաքական քարտէսը

CHP-ի մեծ բաժանումը․ Օզկիւր Օզէլի «Ենի Փարթի»ն կը փոխէ Թուրքիոյ քաղաքական քարտէսը

Համեստ կարծիքովս Թուրքիոյ իշխող AKP-ն նախագահ Էրտողանի առաջնորդութեամբ յառաջիկայ փուլին եւս անպարտելի է եւ պիտի շարունակէ առաջնորդել այդ երկիրը։

Բայց հարկ է հետեւիլ եւ իմանալ, թէ ինչ կը կատարուի Թուրքիոյ ներ-քաղաքական կեանքին մէջ։

Օրերս Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը նոր եռանդ մը ապրեցաւ, երբ մեծ թիւով պատգամաւորներ ՝ Օզկիւր Օզելի գլխաւորութեամբ անջատուեցան CHP կուսակցութիւնէն եւ հիմնադրեցին ՝ Yeni Parti-ն։

Ինչպէս վերն ալ գրեցի, որ այս զարգացումները որոշիչ չեն Թուրքիոյ մէջ, բայց հարկ է իմանալ...

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ժառանգութիւնը կրող կուսակցութեան այս պառակտումը, անկասկած, Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը կը խորհրդանշէ։

Օզկիւր Օզէլի նոր կուսակցութիւնը կը դառնայ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը

Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ նոր եւ նշանակալից զարգացում մը արձանագրուեցաւ։ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան (CHP) պաշտօնանկ եղած ղեկավար Օզկիւր Օզէլը, իրեն միացած իննսուն պատգամաւորներու հետ, հիմնեց «Ենի Փարթի»ն՝ «Նոր Կուսակցութիւն»ը, որ մէկ օրուան մէջ դարձաւ Ազգային Մեծ Ժողովի երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքական ուժը։

91 պատգամաւորներով ներկայացուած նոր կազմաւորումը անմիջապէս անցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր դիրքին, մինչ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը (AKP) կը պահպանէ իր առաջին տեղը՝ 277 պատգամաւորներով։ Այս զանգուածային հեռացումէն ետք, Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը մնաց ընդամէնը 44 պատգամաւորով՝ կորսնցնելով տասնամեակներ շարունակ ունեցած իր քաղաքական  կշիռը։

Օզէլ, հիմնադիր փաստաթուղթերուն ստորագրութենէն ետք, յայտարարեց, թէ նոր կուսակցութիւնը պիտի առաջնորդէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեան դէմ պայքարը՝ աւելցնելով. «Թող այս նախաձեռնութիւնը բարի ըլլայ մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին եւ մեզի  բոլորիս»,- նշեց ան։

Այս բաժանումը պատահական չէ։ Անիկա հետեւանքն է Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հասունացող ներքին հակասութիւններուն։ Օզէլ, որ 2023-ին ընտրուած էր կուսակցութեան ղեկավար, յաջողած էր վերակենդանացնել ընդդիմութիւնը եւ 2024-ի տեղական ընտրութիւններուն արձանագրել կարեւոր յաղթանակներ։ Սակայն այս տարուան մայիսին դատարանը անվաւեր հռչակեց անոր ընտրութիւնը՝ քուէներու «առքուվաճառք»ի մեղադրանքներու հիմամբ, եւ կուսակցութեան ղեկավար նշանակեց Քեմալ Քըլըճտարօղլուն։

Օզէլի կողմնակիցները այս որոշումը կը նկատեն քաղաքական միջամտութեան հետեւանք։ Անոնց համոզումով՝ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը այլեւս ազատ քաղաքական կառոյց չէ։ Անգարայի պատգամաւոր Մուրատ Էմիրի խօսքը՝ «Գրաւուած կուսակցութիւն մը կը ձգենք մեր ետին», դարձաւ նոր նախաձեռնութեան քաղաքական նշանաբանը։

Թէեւ Էրտողանի իշխանութիւնը կը պնդէ, որ դատական համակարգը անկախ է, ընդդիմադիր շրջանակները կը շարունակեն պնդել, թէ Օզէլի, Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան դէմ իրականացուող դատական գործընթացները քաղաքական բնոյթ կը կրեն։

Թուրքիոյ մէջ այս նոր քաղաքական վերադասաւորումը միայն կուսակցական բաժանում մը չէ։ Անիկա կը վկայէ, որ ընդդիմութիւնը կը մտնէ նոր փուլ, ուր պայքարը այլեւս ոչ միայն ընտրական դաշտին մէջ պիտի տարուի, այլ նաեւ կուսակցական  իրաւազօրութեան  եւ քաղաքական ներկայացուցչութեան շուրջ։  Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ժառանգութիւնը կրող կուսակցութեան այս պառակտումը, անկասկած, Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը կը խորհրդանշէ։