image

Խաժակ Արք. Պարսամեան. «Հայ Եկեղեցին պէտք չէ դառնայ հրապարակային հակամարտութեան առարկայ»

Խաժակ Արք. Պարսամեան. «Հայ Եկեղեցին պէտք չէ դառնայ հրապարակային հակամարտութեան առարկայ»

Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յայտարարութիւնը՝

Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ հետեւեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր դասին առնչուած վերջին զարգացումներուն։ Այս ժամանակաշրջանին երբ մեր ազգը աւելի քան երբեք կարիքը ունի միութեան, խոհեմութեան եւ հոգեւոր հանդարտութեան, վշտալի է տեսնել այնպիսի մթնոլորտի կազմաւորումը, որ կրնայ խռովեցնել հաւատացեալ ժողովուրդը, նսեմացնել Եկեղեցւոյ արժանապատուութիւնը եւ խորացնել ներազգային պառակտումը։

Առանձնակի մտահոգութիւն կը պատճառէ այն հանգամանքը, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Գըրագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ եօթը եպիսկոպոսներ քրէական գործի շրջանակին մէջ դատարան կանչուած են։ Այսպիսի պարագան, իր էութեամբ իսկ, չափազանց լուրջ է եւ կը պահանջէ օրէնքի պատշաճ կիրարկում, արդար ընթացակարգ, զսպուածութիւն եւ Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան նկատմամբ անսակարկ յարգանք։

Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ. «Մեղմ պատասխանը կը շիջուցանէ բարկութիւնը» (Առակ. 15.1), եւ նաեւ՝ «Արդարութիւն գործել, ողորմութիւն սիրել եւ խոնարհութեամբ քալել Աստուծոյ հետ» (Միքիա 6.8)։ Ասոնք ոչ միայն հոգեւոր խրատներ են, այլեւ հանրային կեանքին համար մնայուն բարոյական չափանիշներ, մանաւանդ երբ խնդիրը կ՛առնչուի մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին եւ ազգային սրբութիւններուն։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին պարզ հաստատութիւն մը չէ. ան մեր ժողովուրդի հոգեւոր մայրը, դարաւոր հաւատքի կենդանի վկայութիւնը եւ ազգային ինքնութեան սրբազան հիմնասիւններէն մէկն է։ Հետեւաբար, ոեւէ ընթացք կամ արտայայտութիւն, որ կը վիրաւորէ Եկեղեցին, կը նսեմացնէ անոր հոգեւորականութիւնը կամ զայն կը դարձնէ հրապարակային հակամարտութեան առարկայ, վնաս կը հասցնէ ոչ միայն եկեղեցական կեանքին, այլեւ ազգային համերաշխութեան եւ հանրային վստահութեան։

Ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ. «Եթէ մէկ անդամ կը չարչարուի, բոլոր անդամներն ալ անոր հետ կը չարչարուին» (Ա. Կորնթ. 12.26)։ Երբ Եկեղեցին կը վիրաւորուի, այդ ցաւը կը դպչի ամբողջ ազգին։ Ուստի ներկայ իրավիճակը պէտք չէ վերածուի ո՛չ ճնշումի, ո՛չ հրապարակային նուաստացման, ո՛չ ալ հաստատութենական հեղինակազրկման միջոցի։

Արդարութեան եւ ընդհանուր բարիքի շահը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր մտահոգութիւն քննուի բացառապէս օրինական, թափանցիկ եւ անաչառ ընթացակարգերով՝ հեռու քաղաքական կամ հրապարակային ճնշումէ։ Այսպիսի հարցերու լուծման միակ արժանապատիւ ուղին զսպուած, իմաստուն եւ յարգալից մօտեցումն է, որ կը պահպանէ թէ՛ օրէնքի պատիւը, եւ թէ՛ Եկեղեցւոյ սրբազան կոչումին արժանապատուութիւնը։

Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր պատասխանատու կողմերուն՝ առաջնորդուելու խոհեմութեամբ, խաղաղասիրութեամբ եւ երկխօսութեան ոգիով։ «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5.9)։ Թող բոլոր խօսքերն ու քայլերը կատարուին վայելչութեամբ, կարգով եւ ամբողջական յարգանքով՝ մարդկային արժանապատուութեան, կրօնական ազատութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան հանդէպ։

Աղօթք կը բարձրացնեմ Վեհափառ Հայրապետին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն, մեր ողջ հոգեւոր դասին ու հաւատացեալ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Թող Տէրը իմաստութիւն պարգեւէ բոլոր պատասխանատուներուն, ամրացնէ Իր Սուրբ Եկեղեցին եւ խաղաղութիւն շնորհէ մեր ազգին։