Լիբանան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին, ուր մասնակցեցաւ BIAF 2026 մրցանակաբաշխութեան եւ արժանացաւ յատուկ պատուոյ մրցանակի, հայրենի երգչուհի Իվեթա Մուկուչեան այցելեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարան։ Այցելութեան ընթացքին ան ծանօթացաւ համալսարանի հարուստ պատմութեան, առաքելութեան եւ սփիւռքահայ կրթական կեանքին մէջ ունեցած նշանակալի դերակատարութեան՝ բարձր գնահատելով անոր ներդրումը կրթութեան, մշակոյթին, Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Պէյրութ կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին, ուր BIAF 2026-ի ծիրին մէջ արժանացաւ յատուկ պատուոյ մրցանակի, հանրածանօթ հայրենի երգչուհի Իվեթա Մուկուչեան այցելեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարան։ Այցելութեան ընթացքին ան ծանօթացաւ համալսարանի հարուստ պատմութեան, մնայուն առաքելութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին մէջ ունեցած առանձնայատուկ դերակատարութեան։
Մուկուչեան բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանի հարուստ ժառանգութիւնը՝ որպէս սփիւռքահայ առաջատար կրթական հաստատութիւն, եւ գովեց համալսարանի երկարամեայ ծառայութիւնը կրթութեան, մշակոյթին, Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին։