image
Հրատապ լուրեր:

Կեղծ հոգեւոր կառոյցներ՝ Կլէյնտէյլի եւ Ափլենտի մէջ. Առաջնորդարանը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ

Կեղծ հոգեւոր կառոյցներ՝ Կլէյնտէյլի եւ Ափլենտի մէջ. Առաջնորդարանը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ

Վերջին շրջանին, Միացեալ Նահանգներու , յատկապէս Կլէյնտէյլ եւ Ափլենտ քաղաքներուն մէջ, արձանագրուած են եկեղեցական կարգ ու կանոնին հակասող մտահոգիչ երեւոյթներ։ 

Ստորեւ ներկայացուած յայտարարութիւնը (ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ) կը նպատակադրէ պարզաբանել իրականութիւնը եւ զգուշացնել հաւատացեալները՝ հեռու մնալու ինքնակոչ եւ անկանոն կառոյցներէ։

Շատ կարեւոր – Հրատապ (Urgent)

Սոյն յայտարարութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ հօտին՝ Գլենտէյլ եւ Ափլենտ քաղաքներուն մէջ արձանագրուած անկանոնական դէպքերու եւ երեւոյթներու մասին, որոնց վերաբերեալ բազմիցս ահազանգած են մտահոգ հաւատացեալներ։

Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր, 332 N. Pacific Ave., Glendale, CA 91203 հասցէին կը գործէ «Սուրբ Սարգիս Հայց․ Առաքելական Եկեղեցի» անունով անկանոն կառոյց մը։ Այս կառոյցը որեւէ առնչութիւն չունի Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին հետ։ Ան օծուած չէ առաջնորդ սրբազան հօր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան կողմէ։

Աւելին, այս «եկեղեցւոյ» ինքնակոչ «հոգեւոր հովիւ» ներկայացող «Տէր Պետրոս քհնյ. Բաղրամեան»-ը իրականութեան մէջ կարգալոյծ նախկին քահանայ մըն է, որուն կարգը լուծուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին-ի հայրապետական տնօրինութեամբ (20 Յունուար 2022)։ Հոն յստակ կը նշուի, թէ ան այլեւս աշխարհական է եւ չի կրնար քահանայական պաշտօն կատարել Հայց․ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ։

Քահանայական կարգ տալու եւ հաստատելու իրաւունքը Եկեղեցւոյ իշխանութեան տրուած է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Առաքեալներու Գործքերուն եւ Պօղոս Առաքեալի նամակներուն մէջ յստակ կը տեսնուի, թէ ինչպէս եկեղեցական կարգն ու հսկողութիւնը վստահուած է օրինաւոր հովիւներուն, որպէսզի պահպանուի հաւատքի ճշմարտութիւնն ու կարգապահութիւնը։

Ցաւօք, Արմէն Բաղրամեան (նախկին՝ Տէր Պետրոս)՝ չհնազանդելով Մայր Աթոռի որոշման, կը շարունակէ քահանայագործել իր հիմնած կառոյցին մէջ եւ նոյնիսկ կը կատարէ խորհուրդներ՝ ինչպէս Սուրբ Մկրտութիւն, Սուրբ Պսակ եւ Սուրբ Պատարագ։

Վերջերս մեզի փոխանցուած է այս տարուան ընթացքին կատարուած «մկրտութեան» վկայական մը, ուր բացակայ են ստորագրութիւն, համար եւ վաւեր կնիք։ Բացի ասկէ, անյայտ է, թէ ի՛նչ Միւռոն օգտագործուած է, քանի որ անոնք իրաւասու չեն զայն ստանալու Մայր Աթոռէն։

Նոյն իրավիճակը կը տիրէ նաեւ Ափլենտ քաղաքին մէջ գործող մէկ այլ ինքնակոչ կառոյցի պարագային՝ «Սբ. Խաչ Հայց․ Առաքելական Եկեղեցի» (196 S 3rd Ave, Upland, CA 91786) անունով։ Այստեղ գործող «Տէր Գէորգ քհնյ. Հալաճեան»-ը նոյնպէս օծուած քահանայ չէ եւ չունի վաւերական քահանայական կարգ։

Ցաւալի է, որ մեր թեմի շատ բարեպաշտ հաւատացեալներ՝ այս մանրամասնութիւնները չիմանալով, կը մասնակցին այս «խորհուրդներուն»։ Հետագային, երբ կը տեղեկանան ճշմարտութեան, կ՛իյնան շփոթութեան եւ կը դիմեն Առաջնորդարանին։

Ուստի կը հորդորենք մեր բոլոր հաւատացեալներուն՝ զգօն ըլլալ եւ որեւէ եկեղեցւոյ կամ քահանայի ինքնութիւնը ստուգել Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին հետ, որպէսզի խուսափին ինքնակոչ կամ կարգալոյծ անձանցմէ։

Իսկ անոնք, որոնք անգիտութեամբ մկրտուած կամ պսակուած են վերոյիշեալ կառոյցներուն մէջ, թող դիմեն Առաջնորդարան՝ համապատասխան ուղղութիւն եւ օգնութիւն ստանալու համար։

Դիւան Առաջնորդարանի