image

Այսուհետեւ ան մաս չի կազմեր Իրանի բանակցային պատուիրակութեան. Ղալիպաֆ հրաժարական տուած է

Այսուհետեւ ան մաս չի կազմեր Իրանի բանակցային պատուիրակութեան. Ղալիպաֆ հրաժարական տուած է

Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Ղալիպաֆը լքած է բանակցային խումբը՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի միջամտութեան պատճառով, հաղորդած է Իսրայէլի «12-րդ ալիքը»։

Միեւնոյն ժամանակ, Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը հերքած է Թրամփի պնդումը, որ Իրանի ղեկավարութեան մէջ կայ պառակտում՝ կոշտ եւ չափաւոր գիծի կողմնակիցներու միջեւ։

«Իրանի մէջ չկան արմատականներ կամ չափաւորներ։ Մենք բոլորս «իրանցիներ» եւ «յեղափոխականներ» ենք։ Ազգի եւ կառավարութեան անսասան միասնութեամբ եւ Յեղափոխութեան Գերագոյն առաջնորդին լիակատար հնազանդութեամբ մենք պիտի ստիպենք յանցագործ զաւթողները զղջալ իր գործողութիւններու համար։

Մէկ Աստուած, մէկ առաջնորդ, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ ուղի, եւ այս ուղին կը տանի դէպի Իրանի յաղթանակը, որ մեզի համար աւելի թանկ է, քան կեանքը», - գրած է քաղաքական գործիչը ընկերային ցանցերու մէջ։