«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով՝ յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու պահանջով։
Դիմումը ԿԸՅ ներկայացուցած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Արամ Վարդեւանեանը։
Լրագրողների հետ ճեպազրոյցին Վարդեւանեանը նշած է, որ իրենց դիմումի շրջածիրէն ներս ԿԸՅ ներկայացուած են, իրենց պնդմամբ, այն բոլոր մաշտապային ընտրախախտումները, որոնք տեղի ունեցած են ինչպէս քուէարկութեան ընթացքին, այնպէս ալ մինչեւ բուն քուէարկութիւնը։
«Կարծում եմ, որ շատերը հետեւել եւ հետեւում են այն ամէնին, ինչ կատարւում է Հայաստանում յետընտրական գործընթացների շրջանակում։ Այն ամէնը, ինչ հիմա կատարւում է ժողովրդավարական հասարակութիւնում չպէտք է կատարուի»,- նշած է Վարդեւանեանը։
Պատասխանելով հարցին՝ կը պատրաստո՞ւի արդեօք «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը դիմելու նաեւ Սահմանադրական դատարան՝ Վարդեւանեանը պարզաբանած է, որ եթէ քաղաքական ուժը ընտրութիւններու արդիւնքներու չեղեալ յայտարարման վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով դիմում չի ներկայացներ, ապա հետագային Սահմանադրական դատարանէն ներս պատասխանող կողմը, օրինակ, ԿԸՅ-ն, այդ փաստը կրնայ ներկայացնել որպէս փաստարկ եւ վկայակոչել, որ քաղաքական ուժն իրեն դիմում չէ ներկայացուցած։
«Օրէնսդրութիւնն, ի վերջոյ, ԿԸՅ-ին վերապահել է ընտրութեան արդիւնքներն անվաւեր ճանաչելու լիազօրութիւն։ Այդ նպատակով, առնուազն, պէտք է նման դիմում ներկայացնել ԿԸՅ։ Մենք ներկայացնում ենք դիմումը, եւ ԿԸՅ-ն էլ պարտաւոր է քննարկել այն ոչ թէ զուտ քուէարկութեան ընթացքում տեղի ունեցած խախտումների տեսանկիւնից, այլեւ ընդհանրապէս ընտրական գործընթացների տեսանկիւնից»,-պարզաբանած է Արամ Վարդեւանեանը։
Անոր խօսքով՝ ԿԸՅ-ն ընտրութեան արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու դիմումը քննարկելու ընթացքին պարտաւոր է նաեւ անդրադարձ կատարել վերաքուէարկութիւն կայացնելու թեմային, քանի որ, եթէ անվաւեր ճանչցուած ընտրատեղամասերու արդիւնքները կ՚ազդեն ընտրութեան ընդհանուր արդիւնքներու վրայ, ապա պարտադիր պէտք է վերաքուէարկութիւն կատարուի։