image

Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը

Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր  25-ին ընդունած է ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան այցը Հայաստան` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Ուրախ եմ հիւրընկալելով նման բարձր մակարդակի պատուիրակութեան, ինչ որ պատմական է Հայաստանի համար: Շատ կարեւոր է ԱՄՆ-ի հետ ունենալ բարձր մակարդակի շփումներ, եւ մեր կառավարութիւնը կարեւոր կը համարէ հայ-ամերիկեան աշխոյժ երկխօսութիւնն ու սերտ փոխգործակցութիւնը»: Վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ նշած, որ այժմ մեր երկիրը կ՛ապրի պատմական ժամանակաշրջան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով տեղի ունեցող գործընթացները հիմնուած են բացառապէս ժողովրդավարական արժէքներու վրայ: Այժմ մենք կ՛աշխատինք, որպէսզի ստեղծենք եւ ամրապնդենք կայուն ու կայուն ժողովրդավարական պետութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` կարեւոր համարելով մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը, թափանցիկ կառավարաման համակարգի, անկախ դատական համակարգի ամրապնդումը միջազգային գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքով: Ան շեշտած է, որ Հայաստանը հաստատակամ առաջ կ՛երթայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճանապարհով, որ մեր հասարակութեան համար ներքին համոզում է եւ արժէք:

Ճոն Պոլթըն շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջերմ ողջոյնները: ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը նշած է, որ Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին իրենք կարեւոր կը նկատեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը: «Ուրախ եմ Ձեզի հետ քննարկելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող երկկողմ ու տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակը: Կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի մէջ խաղաղ ժողովրդավարական անցումը յաջողութեամբ առաջնորդելու համար: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներու առջեւ կառավարութեան հաշուետուողականութեան մեծացման այնպիսի ուղիներով, որոնք կը յանգեցնեն ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման»,- ըսած է Պոլթըն:

Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, անոնք անդադարձած են մեր երկիրներու ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, տնտեսութեան, արդարադատութեան համակարգի, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման եւ կարեւոր համարած են երկկողմ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելուն միտուած հետեւողական քայլերու իրականացում: Այդ առումով, Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են նման բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ: Երկու կողմերը կարեւոր համարած են հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս եւ բանակցային գործընթացի համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Կողմերը քննարկած են նաեւ միջազգային եւ յատկապէս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր: