Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն նսերս հանդիպած են ԱՄՆ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները:
Ամերիկեան կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մարքօ Ռուպիոն եւ Հաքան Ֆիտանն ընդգծած են սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ապահովելու Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը եւ միասնականութիւնը եւ բացառելու ԱՄՆ-ին, Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանին սպառնացող վտանգները։
«ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու հարցով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ջանքերը»,- յայտնած են ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն:
Մարքօ Ռուպիոն ընդգծած է նաեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը դադրեցնելու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ընդհանուր նպատակը: