Այս տարուան ընթացքին 2 անգամ Փարիզը հարուածած ահաբեկչութիւնը Եւրոպայի սիրտը դարձուց աւելի մերկ ու թափանցիկ՝ վտանգին դիմաց: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Եւրոպա «ներխուժած» անպատսպարներու շարքերուն մէջ կան մեծ թիւով ծրագիր-ահաբեկիչներ: Անոնք, որ Միջին Արեւելքի սարսափներէն կու գան: 2003-ի Դէպի Իրաք ներխուժումով ու յատկապէս իրաքեան հզօր բանակին լուծարումով աննախընթաց կերպով աճեցան Իսլամի անունով հանդէս եկող խմբաւորումները եւ դարձան ահաբեկչութեան թագը վերցնողներ: Ոչ ոք հարցուց անոնց արմատներուն ու սկզբնաւորման մասին: Բոլորը իրենց բերանները լայն բացին իսլամին ու իսլամութեան դէմ` շատ յաճախ յայտարարելով, որ այս ահաբեկիչներու արմատները կապուած են այդ կրօնքի օրէնքներուն եւ ըմբռնումներուն հետ:
Սակայն ահաբեկչութիւնը իսլամը չէր:
Պատմական անցեալը լոյսին տալու կարիք չկայ, փաստելու համար, որ իսլամն ու արաբը փայլուն քաղաքակրթութիւն կերտած գոյութիւններ են:
Եւրոպան այսօր կը մղկտայ: Վախը, սարսափը, ISIS-ի դէմ պատերազմ մղելու կարեւորութիւնը դարձած են ամէնօրեայ խնդիրներ:
Եւրոպացիք սակայն կը մոռնան իրենք իրենց հարց տալ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս աճեցան այս ահաբեկիչները: Ինչպէ՞ս Փարիզ եւ Պրիւքսէլ հասան եւ այսօր դարձած են համատարած սպառնալիք:
Պատասխանը մէկ է. Փարիզի արուարձաններու մէջ պտտող հրէշները կամ հրէշային ծրագիրներն իրենց լարուած գօտիներուն եւ արկերուն մէջ պահող ծայրայեղականները արդիւնք են նոյն Արեւմուտքի Արեւելեան կողմն աշխարհի հանդէպ ունեցած տհաս, անհեռատես եւ «քաոս յանուն քաոս»ի կիրառած քաղաքականութեան:
Ու գաղտնիք չէ, որ այդ հրէշամարդերը ծնունդ առին Իրաքի ամէնէն խաւար քաղաքներուն ու բանտերուն մէջ: Ապու Ղրէպի մէջ, Ֆալուժայի մէջ, Թատմորի մէջ, Լիպիոյ Սարթ քաղաքի կեդրոնական բանտին մէջ: Հոն է նաեւ, որ եւրոպացիք նպատակադրեցին սպաննել Արեւելքի հզօր քաղաքակրթութիւնը:
Դատարկեցին Արեւելքի թանգարանները, այրեցին անոր գրադարանները, անտուն եւ անօգնական դարձուցին անոր նկարողները եւ վիպասանները:
Անոնք նոյն արաբներն էին, որ կը խօսէին Մութանապիյի եւ Ժահէզի լեզուով, անոնք նոյն արաբներն էին, որ աստղերուն անուն կու տային եւ թուաբանութեան ու տարահաշիւի հիմքը կը կերտէին:
Եւրոպան եւ այդ ամբողջ աշխարհը այսօր կանգնած են մեծագոյն խնդրի մը առջեւ:
Ու այդ խնդիրը հասկնալու ու անոր յարմար եւ ապահով լուծումներ մէջտեղ բերելու համար հարկ է, որ վերատեսութեան ենթարկուի Արեւելքի առընթեր Արեւմուտքի ընդհանուր քաղաքականութիւնը:
Ու ամենակարեւորը այն է, որ եւրոպացիք հարց տան Փարիզի արուարձաններուն մէջ պտըտող հրէշին ինքնութեան եւ արմատներուն մասին:
Հոնկէ կը սկսի լուծումներու նոր հանգրուանը:
Այ՛ո միայն հոնկէ:
Ս. Ա.