image

Արթիկի բանտին մէջ 33-ամեայ դատապարտեալ մը մահացած է

Արթիկի բանտին մէջ 33-ամեայ դատապարտեալ մը մահացած է

Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկի դատապարտեալ, 1989-ի ծնունդ, 2012-էն պատիժը կրող Գ. Ս.-ի ինքնազգացողութեան կտրուկ վատթարացման պատճառով, 3 մարտին, ժամը 03։05-ի սահմաններուն, կանչուած է շտապ օգնութիւն: Ժամը 03։20-ի սահմաններուն շտապ օգնութեան անձնակազմի կողմէ արձանագրուած է դատապարտեալ Գ. Ս.-ի կենսաբանական մահը: Այս մասին յայտնած են Քրէակատարողական ծառայութեան հանրային կապերու բաժինէն:

ՀՀ քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան Արթիկի եւ Անիի քննչական բաժնին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։