Մահացած է ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնին։ Յայտնած է «Մետուզա»-ն՝ յղում ընելով Ռուսիոյ Դաշնութեան Պատիժներու կատարման դաշնային ծառայութեան։
«2024 թուականի փետրուար 16-ին թիւ 3 ուղղիչ գաղութին մէջ դատապարտեալ Ա.Ա. Նաւալնին զբօսանքէն ետք իրեն վատ զգացած է՝ գրեթէ անմիջապէս կորսնցնելով գիտակցութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անմիջապէս ժամանած են հաստատութեան բուժաշխատողները եւ «հրաւիրուած է շտապօգնութիւն»։
Նաւալնին 47 տարեկան էր։ Պատիժը կը կրէր Եամալո-Նենեցիան ինքնավար շրջանի ուղղիչ-կատարողական գաղութին մէջ։
Փետրուար 14-ին հաղորդուած էր, որ Նաւալնիին 27-րդ անգամ ուղարկած են տուգանային մեկուսարան։
Նաւալնին ազատազրկման մէջ կը գտնուէր աւելի քան երեք տարի։ Դատարանը անոր դատապարտած էր 19 տարուան ազատազրկման յատուկ ռեժիմի գաղութին մէջ՝ ծայրայեղական գործունէութեան մեղադրանքով։
Նաւալնին կալանավայրէն մշտապէս յայտարարութիւններ կ՚ընէր․ վերջերս անդրադարձած էր նաեւ Ռուսիոյ մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն։