Լիբանան- Այսօր յետմիջօրէին սկիզբ առած բողոքի հաւաքը կը շարունակուի մինչեւ այս ժամը: Աղբահանութեան հարցի լուծման համար բողոքի հաւաք կատարող երիտասարդներ մօտեցած են վարչապետրանը շրջապատող փշաթելերուն եւ կը փորձեն հանել փշաթելերը: Ցուցարարներէն մաս մը նոյն վայրին մօտ թուղթ եւ խաւաքարտ այրելով կը փորձէ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծել: Ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ բանբերը քաղաքացիներէն պահանջած է զգոյշ ըլլալ եւ հեռու մնալ խռովութիւններ հրահրելէ: Նշենք, որ այսօրուան բողոքի հաւաքը եղած է մեծաթիւ եւ տասնեակ հազար ցուցարարներ կը մասնակցին Պէյրութի նահատակաց հրապարակին մօտ եղող հաւաքին: Դէպքերուն ընթացքին հետեւող լրատուական ծառայութիւններ մտահոգութիւն յայտնած են, որ լարուած իրավիճակը կրնայ մէկ կողմէ ցուցարարներուն եւ միւս կողմէ ապահովական մարմիններուն միջեւ լուրջ բախումներու առաջնորդել: