21 սեպտեմբերին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի «Մուրացան» հիւանդանոցին մէջ: Ժամը 08:15-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժինը տեղեկութիւններ ստացած է, որ նշուած բժշկական կեդրոնին մէջ երեխայ մահացած է:
Ըստ լուսանկարիչ-լրագրող Գագիկ Շամշեանին, հիւանդանոց մեկնած է ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժինի անմիջական խումբը: Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է, իսկ մահացածը Կոտայքի մարզի բնակիչ 16-ամեայ Վ. Ղ.-ն է:
Վերջինս 19 սեպտեմբերին իրենց տան մէջ կեանքին վերջ տալու նպատակով խմած է մօտ 60 հատ «Քոլխիցին» տեսակի դեղահատ եւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած նշուած բժշկական կեդրոն։