image

Պէյրութը Դարձեալ Լարուած. Ցուցարարներէն Մաս Մը Խռովութիւն Կը Հրահրէ (Լուսանկարներ)

Պէյրութը Դարձեալ Լարուած. Ցուցարարներէն Մաս  Մը Խռովութիւն  Կը Հրահրէ  (Լուսանկարներ)

 Լիբանան- Այսօր  յետմիջօրէին  սկիզբ  առած բողոքի   հաւաքը կը շարունակուի մինչեւ այս ժամը:   Աղբահանութեան հարցի լուծման համար բողոքի հաւաք  կատարող  երիտասարդներ մօտեցած են  վարչապետրանը   շրջապատող փշաթելերուն  եւ կը  փորձեն հանել  փշաթելերը:  Ցուցարարներէն մաս մը     նոյն վայրին մօտ      թուղթ եւ խաւաքարտ  այրելով կը փորձէ   յաւելեալ լարուածութիւն  ստեղծել:  Ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ  բանբերը քաղաքացիներէն պահանջած է  զգոյշ ըլլալ եւ հեռու մնալ խռովութիւններ հրահրելէ:    Նշենք, որ այսօրուան  բողոքի հաւաքը եղած է մեծաթիւ եւ տասնեակ հազար ցուցարարներ կը  մասնակցին    Պէյրութի նահատակաց  հրապարակին  մօտ եղող հաւաքին:      Դէպքերուն  ընթացքին հետեւող լրատուական  ծառայութիւններ   մտահոգութիւն յայտնած են, որ  լարուած  իրավիճակը  կրնայ   մէկ կողմէ ցուցարարներուն եւ միւս կողմէ ապահովական մարմիններուն  միջեւ լուրջ  բախումներու առաջնորդել: