image

Պէյրութի մէջ. Թատրոնի նուիրեալներու իւրայատուկ հաւաք

Պէյրութի մէջ, հակառակ տիրող տնտեսական բարդ իրավիճակներուն, գաղութային իմաստով, եւ մասնաւորապէս վերջին ամեակներուն ատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի թատերական կեանքին։

Այս առումով ալ ուրախալին այն է, որ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը կ՚աճի ոչ միայն գաղութին մէջ անուն հանդիսացող թատրոնի խումբ մը նուիրեալներուն ճամբով, այլեւ երիտասարդ սերունդին մասնակցութեամբ։

Այս առումով ալ օրերս իւրայատուկ միջոցառում մը տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ, ուր քով-քովի եկած են գաղութի թատերական կեանքին հետ փոխառնչութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ եւ գործիչներ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի «Ազդակ»էն ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով չորեքշաբթի, 27 մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ համախմբուած էին լիբանանահայ թատերական կեանքին հետ մօտէն կամ հեռուէն որոշ առնչութիւն ունեցողներ` խօսելու թատրոնի եւ թատերական կեանքի հարցերուն, մարտահրաւէրներուն մասին:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնած «Թատրոն, մշակոյթ եւ ամէն ինչ, ամէն ինչ, մշակոյթ եւ թատրոն» շարքին երկրորդ հանդիպումին լիբանանահայ թատերախումբերու կողքին ներկայ էր հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան:

Բեմադրիչներ, դերասաններ, քուլիսներու ետին գործողներ, թատերասէրներ շուրջ երկու ժամ տեւողութեան քննեցին ընդհանրապէս թատրոնը, յատկապէս հայկական թատրոնն ու ի մասնաւորի լիբանանահայ թատրոնը հետաքրքրող ու յուզող խնդիրներ, անդրադարձան առկայ դժուարութիւններուն, որոնք տարբեր բնոյթ ու տարողութիւն ունին, բեմագրութիւններու ընտրութիւններուն, հանդիսատեսը գրաւելու եւ զայն գոհացնելու կարելիութիւններուն, նիւթական ապահովելու հարցերուն:

Քննարկուող նիւթերուն կարգին էր նաեւ օտար հանդիսատեսը հայկական թատրոն բերելու պարագան, անոր դրական եւ ժխտական կողմերը, նման բանի մը դժուարութիւնները, կար նաեւ տոմս սպառելու պարագան, որուն գծով շեշտուեցաւ անվճար տոմս բաժնելու երեւոյթին ունեցած ժխտական անդրադարձը, որովհետեւ թատերասէրը եւս պէտք է ներդրում ունենայ թատերական կեանքին ու արժեւորէ զայն:

Բեմագրութիւններուն վերաբերեալ առաջադրուեցան տարբեր մտահոգութիւններ, որոնք յատկապէս լուսարձակի տակ առին հի՞նը, թէ՞ նորը հրամցնելու պարագան, թէ ընդհանրապէս մոռնալ հինը, որ երբեմն ժամանակավրէպ կը թուի, սակայն միջին լուծումը հինը նորացուած ձեւով հրամցնելն էր, մանաւանդ որ կան հին թատերական գործեր, որոնք կը պահեն իրենց արժէքն ու պատգամը, եւ որոնց պէտք է իրազեկ դարձնել նոր սերունդը:

Շեշտուեցաւ, որ թէ՛ բեմադրիչները, եւ թէ դերասանները պէտք է միշտ յաւելեալ ջանք թափեն իրենց տաղանդը աւելի կատարելագործելու համար, որովհետեւ արուեստի աշխարհին մէջ միշտ ալ առիթ ու կարելիութիւն կայ աւելի լաւին ու ամբողջականին հասնելու:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ հանդիսատեսներուն տարբեր մակարդակի եւ տարբեր ակնկալութեամբ ըլլալը, ինչ որ դժուարութիւն կը ստեղծէ բոլոր խաւերը գոհացնելու:

Հաստատուեցաւ, որ թատրոնը պէտք է հայելին ըլլայ ժողովուրդին, անոր ցաւը բացայայտէ, զայն մղէ այդ ցաւի կամ մարտահրաւէրի շրջանցման համար քայլերու ձեռնարկելու, անտարբերութենէ դուրս բերէ, առիթ տայ մտածելու եւ զգալու:

Այս բոլորին զուգահեռ առկայ հիմնական մարտահրաւէրը նկատուեցաւ սերունդներու պատրաստութիւնը, որպէսզի լիբանանահայ թատերական կեանքին երթը շարունակուի: