image

2025-ի Օգոստոսը դարձաւ խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքի սկիզբ. Նիկոլ Փաշինեան

2025-ի Օգոստոսը դարձաւ խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքի սկիզբ. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  23 Օգոստոսի «Հռչակագրի օր»ուան առթիւ   ուղերձ մը յղած է։

Ստորեւ անոր ուղերձին կարեւոր հատուածը  (արեւմտահայերէնի վերածուած) կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն։

Սիրելի ժողովուրդ, սիրելի հայրենակիցներ,

 

 1990-ի Օգոստոս 23-ին ընդունուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, որուն շնորհիւ սկիզբ դրուեցաւ մեր պետականութեան կերտման ընթացքին։ Այդ փաստաթուղթը արտացոլացուց մեր ժողովուրդի հավաքական կամքը եւ դարձաւ անկախութեան հիմքը։

Այսօր պիտի ըսեմ․ Ղարաբաղեան շարժման շարունակութիւնը կը նշանակէր Հայաստանի անկախութեան կորուստը։ Մենք ընտրեցինք ուրիշ ճանապարհ՝ պահպանելու եւ իրական դարձնելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Այդ ռազմավարութեամբ հնարաւոր դարձաւ խաղաղութիւն հաստատել Ատրպէյճանի հետ, երկխօսութիւն սկսիլ Թուրքիոյ հետ, խորացնել կապերը Վրաստանի եւ Իրանի հետ։ Այսօր մենք աշխարհի համար արժէքաւոր գործընկեր ենք։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր 29 հազար 743 քառ. քմ. ինքնիշխան տարածքով, մեր ամենամեծ արժէքն է վերջին հինգ դարերու ընթացքին։ Պէտք է առաջնորդուինք մեր պետութեան շահերով 

2025-ի Օգոստոսը դարձաւ խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքի սկիզբ։

Փա՜ռք մեր նահատակներուն, եւ կեցցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։