image

Պէյրութի մէջ. Բորբոսած կարկանդակ (Cake) կը վաճառեն (Տեսանիւթ)

 Պէյրութի մէջ. Բորբոսած կարկանդակ (Cake) կը վաճառեն (Տեսանիւթ)

 Նշենք, որ տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ կարեւոր պայքար մը ընթացք առած էր սնունդի անվտանգութեան ոլորտին առընթեր, որուն առաջատարը նախարար Ուաէլ Ապու Ֆահուրն էր, սակայն պայմաններու բերումով ու նաեւ տնտեսական տագնապին հետեւանքով իրերայաջորդ կառավարութիւնները հրաժարած էին այդ պայքարէն։ 

Լիբանանեան լուրեր տեղադրող օգտատիրոջ մէկ գրառումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է։

 Դվիթերեան հարթակով տարածուած տեսանիւթին մէջ երեւելի կը դառնայ, որ Լիբանանի հանրայայտ Wooden Bakery  (Նաքքաշ շրջանի մասնաճիւղը) վաճառատունը բորբոս կապած կարկանդակ կը վաճառէ։ 

 Օգտատիրուհին դժգոհութիւն յայտնած է եղածին վերաբերեալ նշելով նաեւ, որ կարկանդակը, որպէս  «թարմ» արտադրութիւն ժամեր առաջ  գնուած է  իր   ընկերներուն կողմէ  նշուած հանրածանօթ փուռ-վաճառատունէն։

 Նշենք, որ տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ կարեւոր պայքար մը ընթացք առած էր սնունդի անվտանգութեան ոլորտին առընթեր, որուն առաջատարը նախարար Ուաէլ Ապու Ֆահուրն էր, սակայն պայմաններու բերումով ու նաեւ տնտեսական տագնապին հետեւանքով իրերայաջորդ կառավարութիւնները հրաժարած էին այդ պայքարէն։

 Լիբանանեան  թարմ լուրեր  ստանալու համար հետեւեցէք՝  «Արեւելք»ին։