Կարսի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու (MMA) միջազգային առաջնութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող «MY FIGHT» ակումբի սան, 54/55 քաշային կարգի 16-ամեայ Մհեր Ղարիբեան փայլուն ելոյթ ունեցած է՝ գրաւելով առաջին տեղը։
Մհերը մրցաշարին մեկնած է «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի եւ Սամուէլ Կարապետեանի հովանաւորութեամբ։ Այս յաղթանակը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն մարզական, այլեւ խորհրդանշական առումով։
Մհեր Ղարիբեան յաղթանակ արձանագրած է պատմական Կարսի մէջ, իսկ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին բարձրացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը։
Մրցաշարին մասնակցած են տարբեր երկիրներէ ժամանած մարզիկներ՝ իրենց քաշային կարգերուն մէջ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար։ Մհերը դժուար եւ մրցակցային մենամարտերու ընթացքին յաջողած է առաւելութեան հասնիլ Վրաստանը ներկայացնող մրցակիցին նկատմամբ եւ կանգնիլ պատուոյ հարթակի ամենաբարձր աստիճանին։