image

Պէյրութի մէջ. Արցախեան հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը պանծացնող հատորին գինեձօնը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ. Արցախեան հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը պանծացնող հատորին գինեձօնը (Լուսանկարներ)

Օրերս Պէյրութի մէջ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին տեղի ունեցած է Արցախեան առաջին պատերազմի նահատակներէն լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը պանծացնող «Մհերը ներշնչման աղբիւր» նորատիպին գինեձօնը։ 

Ուշագրաւ է, որ հատորը ի մի կը բերէ Մհերի նահատակութենէն ետք եւ ամէնամեայ բնոյթ ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքին մասնակցած աշակերտ-հեղինակներուն լաւագոյն շարադրական գործերը։

Ստորեւ այդ մասին Լիբանանի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած լրատւութիւնը՝

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 11 ապրիլ 2024-ին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքին 2022-2023 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը, նաեւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, հին ու նոր մրցանակակիր աշակերտներու եւ մեծ թիւով ծնողներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան Ուսումնական խորհուրդի խօսքը արտասանեց Նորա Բարսեղեան: Ան նշեց, որ «Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանք»-ը հաստատուեցաւ եւ տարեկան դրութեամբ գեղեցիկ աւանդութեան վերածուեցաւ` աշակերտները համախմբելով Մհերի յիշատակին շուրջ եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն նահատակ հայորդին կենդանի պահելու, նաեւ աշակերտներուն Մհերին յանդգնութիւնը, մաքուր հայու նկարագրային կէտերը եւ բազկի ուժին վստահելու պատգամը փոխանցելու համար: Բարսեղեան ուրախութիւն յայտնեց «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» խորագրեալ եզակի գիրքին լոյս աշխարհ գալուն` նշելով, որ անիկա կ՛ամփոփէ «Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանք»-ի 20 տարիներու մրցանակակիր աշակերտներու 110 շարադրութիւններ, որոնց հեղինակները օրին լոկ աշակերտներ էին, իսկ այսօր անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր մարզի մէջ յաջողութիւն մը կերտած է, լծուած է սերունդներու դաստիարակութեան գործին, նուիրուած է գիր ու գրականութեան, կամ հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն է ու դերակատար, նաեւ կայ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մրցանակակիր մը, որոնց բոլորին ալ գիրը, մտածումն ու ստեղծագործութիւնը անմահացան այս մրցանքին ճամբով ու այս գիրքին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ մասնակից դարձան այս մրցանքի իրականացման, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնց ջանքերով լոյս աշխարհ եկաւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքը:

«Վեհ նպատակներու հաւատացող եւ անոնց համար իր կեանքը նուիրաբերած Մհեր Ջուլհաճեան, որուն անունը կը կրէ միջդպրոցական այս շարադրական մրցումը, կ՛ապրի, պէտք է ապրի ձեզմէ իւրաքանչիւրին էութեան մէջ, սիրելի՛ նոր ու հին մրցանակակիրներ, սիրելի՛ աշակերտներ, որովհետեւ Մհեր իր նահատակութեամբ փաստեց, որ ոչինչ աւելի կարեւոր է քան հաւաքական կեանքը, ազգը, հայրենիքը, ազգային արժէքներն ու սկզբունքները, մայրենի լեզուն ու մշակոյթը», ըսաւ Ն. Բարսեղեան` կոչ ուղղելով Մհերին ու մեր բիւրաւոր նահատակներու պատգամով շարունակել անոնց բացած ուղին, կառչիլ հողին ու արժէքներուն, պայքարիլ` կրկին տիրանալու մեր բոլոր իրաւունքներուն:

Օրուան պատգամախօսն էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքը իւրօրինակ եւ իր տեսակին մէջ եզակի հրատարակութիւն մըն է` իւրօրինակ թեմաներով, ներշնչման աղբիւրով, բազմերանգ կապակցութիւններով, նաեւ ժամանակները կտրող եւ գալիքին հասնող պատգամներով: Ան նկատել տուաւ, որ Մհերը ամէն միջոց ու առիթ ունէր ընտանեկան, ուսումնական, ընկերային, ասպարէզի եւ նիւթական առումներով ապրելու հանգիստ կեանք, հեռուէն տագնապելու հայրենիքի հարցերով, բարձրանալու կեանքի եւ ընտրանիի լաւագոյն ու նախանձելի դիրքերու, «սակայն հայրենիքով այրող եւ իր գիտութիւնը անսակարկ նուիրաբերումով Արցախին տրամադրելու վճռակամութեամբ, ընտրեց գիտակից մահը, գնաց երկիր, եւ` իր արիւնը շաղախելով արցախեան հողին, ամուր պահեց Արցախը մինչեւ այն օրը, երբ դաւադրաբար Ազրպէյճանը գրաւեց զայն»:

Մհեր, ուսուցիչ, վարիչ եւ երիտասարդ ու ուսանող գործիչ, այո՛, ներշնչման աղբիւր է եւ այլապէս չի կրնար ըլլալ աշակերտին, երիտասարդին եւ ուսանողին, գաղափարական խորքով հայրենասէրին, համոզուած ազատամարտիկին», նշեց պատգամաբերը:

Բագրատունի դիտել տուաւ, որ տարեկան դրութեամբ Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ ապրեցան Մհերի թողած ժառանգով, մտածումներով, սորվեցան անկէ, ներշնչուեցան անոր գաղափարներով, իրենց մէջ վառ պահեցին հայու պահանջատիրութիւնը, բոցավառեցան Մհերի սկզբունքներով, իրենց հոգիներուն ու մտքերուն մէջ դրոշմեցին Մհերեան հայրենասիրութիւնը եւ պատրաստուեցան վաղուան:

«Ուստի` Մհերին յիշատակին կազմակերպուած շարադրական մրցանքը ամբողջ 20 տարի միջդպրոցական կամ աշակերտական ընթացիկ մրցում կամ նիւթական պարգեւ չէ, այլ արեան մէջ թաթախուած հայադրոշմ կնիք իւրաքանչիւր աշակերտի եւ գալիք երիտասարդի ու կազմուող ընտանիքի մտքին ու հոգիին մէջ: Իւրաքանչիւր շարադրութիւն ապրում է, կեանք է, պարտութիւնը մերժող բռունցք է, Մհերի ճամբով գլխագիր ՈՉ է պարտութեան, պարտուողականութեան, յանձնուողականութեան դաւերուն եւ հոսանքներուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Սելլա Սվաքճեան, Ճեսի Աւետիսեան եւ Արմէն Ճէնտերէճեան` ջութակ, Վերոնա Ռուսեալեան` դաշնակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արմաշ» երգչախումբը մեկնաբանեց ազգային-հայրենասիրական երեք երգ: Երկու բաժինով ցուցադրուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի գաղափարի ընկերներուն (Հայաստանէն, Քանատայէն, Լիբանանէն) վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Շարադրական մրցանքի առաջին հանդիսացողները ստացան նիւթական պարգեւներ եւ յատուկ հաստատագիրներ:

Ապա տեղի ունեցաւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքի գինեձօնը:

Ձեռնարկին եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքը խորհրդաւոր է, ոմանք կը ծնին մեռնելու համար, իսկ ուրիշներ կը մեռնին, որպէսզի աւելի փառաւոր կեանքով ապրին սերունդներու յիշողութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանքներուն մէջ: «Մհեր կ՛ապրի սերունդներու յիշողութեան մէջ, նաեւ իր գաղափարներով, մտածումներով, ապրումներով, զգացումներով կը շարունակէ ներշնչել սերունդներ, որոնք վստահաբար Մհերով առաւել եւս պիտի սիրեն իրենց ինքնութիւնն ու հայրենիքը, նաեւ իրենց կեանքը ընծայեն նուիրական այն արժէքներուն, որոնց յենած մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ իր կեանքը, թէկուզ դառն պայքարներով ու մարտնչումներով», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ Մհեր սփիւռքի մէջ հասակ առած էր, բայց հայադրոշմ այս միջավայրին մէջ կազմաւորուած էր իր նկարագիրը, այսինքն ապրած էր այն արժէքներով, որոնցմով մեր ընտանիքները իրենց կեանքը կը վարէին, մեր վարժարաններն ու եկեղեցիները սերունդներ կը պատրաստէին ու կը շարունակեն պատրաստել: Սրբազանը ցաւ յայտնեց, որ ներկայիս շատ մը արժէքներ սկսած են փոշիանալ մեր կեանքին մէջ հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի անոնք չանհետանան առօրեայէն, պաշտպանուին մեր բոլոր կարողականութեամբ, որպէսզի անոնցմով յարատեւէ մեր կեանքը: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ան ըսաւ, այսօր այդ գիտակցութեան հրաւէրը` Մհեր կը փոխանցէ բոլորիս` յիշեցնելով, որ հայրենիքը չի կորսուիր եւ չի մեռնիր այնքան ատեն որ անոր ժառանգորդները չեն հրաժարիր հայրենական գիտակցութիւնը պահպանելու իրականութենէն: Առաջնորդը ըսաւ, որ Մհեր նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ սփիւռքէն կարելի է խոյանալ մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ, վերստին լծուիլ մեր ժողովուրդի արդար դատի հետապնդման աշխատանքին, որպէսզի իբրեւ ինքնուրոյն ազգ յարատեւենք եւ տէրը կանգնինք այն բոլոր իրաւունքներուն, որոնք պայմաններու բերումով մեզմէ խլուեցան, եւ որոնց պաշտպանութեան համար իւրաքանչիւր հայ պարտի իր կեանքը, իր ինչքը, իր շնորհքը, իր գիտութիւնը, իր ձիրքը ընծայել, որպէսզի յանուն արդարութեան ճշմարտութիւնները չոտնակոխուին, այլ հայրենիքը ապրի եւ հայրենի հողին վրայ մեր ժողովուրդը շարունակէ յարատեւել: Եզրափակելով իր խօսքը` ան գնահատական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք այդ ձեռնարկին բերին իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը, նաեւ զայն կը շարունակեն գիտակցութեամբ եւ նուիրումով` վստահ ըլլալով, որ նոր սերունդները կարիքը ունին դէմքերու, կերպարներու օրինակին, որպէսզի իրենց հաւատքին եւ կեցուածքին մէջ հաստատ մնան ու յարատեւեն հայօրէն ապրելով եւ հայկականը պաշտպանելով:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքէն օրինակներ: