image

Պէյրութցի ձեւագէտ հայուհին յայտնուած է անօգնական վիճակի մէջ. Ան օգնութեան կարիք ունի

Պէյրութցի    ձեւագէտ  հայուհին յայտնուած է   անօգնական վիճակի մէջ. Ան  օգնութեան կարիք ունի

Պէյրութահայ Երանուհի Մոշիկեան, ֆէյսպուքի միջոցաւ իր ձայնը փորձած է հասանելի դարձնել հանրութեան, պատմելով իր ամենօրեայ  դժուարութիւններուն եւ անմխիթար   վիճակին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը:

Տեսանիւթի մը   միջոցաւ   հայուհին   ներկայացած է է  ցաւալի վիճակի մէջ՝ անկողնային, շարժելու անկարող եւ կոյր: Ան աղերսանքով   դիմած է  հանրութեան, որ փութան  օգնելու զինք՝ ապահովելու համար   աւուր  հացը, դեղերու  գումարը  եւ    այլ  պէտքական     բաները:  «Ես ու ամուսինս դեղեր պէտք է ստանաք, բայց դրամ չունինք: Հիւանդանոցը ժամադրութիւն ունինք, բայց հիւանդանոց հասնելու ճանապարհածախսի անհրաժեշտ գումարը չունինք: Կը խնդրեմ ձեզմէ  գթասիրտ եւ աստուածապաշտ   մարդիկ, որ  օգնէք մեզի: Եօթ տարի է՝ անկողնին կը ծառայեմ, Աստուած կեանքս ալ չառաւ որպէսզի ազատէի այս տանջանքէն»,- ըսած  է Երանուհին լալագին ձայնով:

Երանուհիի քրոջ «Ալ-Նահար»ին պատմածէն կ'իմանանք, որ  հայուհին, որ յայտնի ձեւաւորող եւ դերձակ էր, 7 տարիներ առաջ ուղեղային կաթուած ստացած է, ինչի հետեւանքով կորսնցուցած է մէկ աչքի տեսողութիւնը եւ մարմնի մէկ հատուածի շարժումի կարողութիւնը: Ժամանակի ընթացքին անոր կռնակը կորացած է, եւ այսօր ան ստամոքսային ցաւերէ կը տառապի եւ բուժման դեղ ապահովելու  նիւթական որեւէ միջոց չունի:  Ան աւելցուցած է. «Վիճակը աւելի բարդացած է, երբ ամուսինը, քանի մը ամիս առաջ,    ոտքի   խնդիր մ'ունեցած է, որուն  հետեւանքով   բժիշկները ստիպուած  եղած են  հատել անոր   ոտքի  մէկ   մասը ՝ գանգրէնի  պատճառով»:

Երանուհի կը  բնակի  Պուրճ Համուտի  մէջ: Անոր հետ կ'ապրին ամուսինը եւ երկու աղջիկները, որոնցմէ մէկը ամուսնացած է, եւ իր ամուսնոյն ու զաւակներուն հետ կ'ապրի ծնողքին տունը, ինչը վիճակը կը դարձնէ աւելի վատ եւ կը խորացնէ ընտանիքի աղքատութիւնը:

Անոր քրոջ խօսքերով,  «Աստուած գիտէ այս ընտանիքը ինչ վիճակով կ'ապրի: Ան մտած է մութ փակուղի մը եւ կը սպասէ, որ  բարի մարդիկ լուսաւորեն իր ճանապարհը եւ կարենայ առանց իյնալու մինչեւ վերջը հասնիլ, նախքան յաւիտենական աւարտին հասնիլը»:

Երանուհիի քոյրը կոչ   ըրած  է  քրոջ տունը այցելել  եւ իրենց աչքերով տեսնել  այն անելանելի վիճակը, որուն մատնուած են անոնք։

 

Նշենք, որ նիւթը  կը կրէ  «Ա Նահար»ի      ընկերային հարցերու սիւնակագիր  Ասրար  Շպարոյի   ստորագրութիւնը, իսկ կարիքաւոր  ընտանիքին  հետ կապ ստեղծելու համար   կարելի է սեղմել   այստեղ: