Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փետրուար 10-11-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն։
Վարչապետը պիտի մասնակցի Արհեստական բանականութեան գործողութիւններու գագաթնաժողովին։
Նախատեսուած է վարչապետի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: