Շաբաթ, 23 Փետրուար 2019-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի սաները դարձան Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի հիւրերը:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին անոնք ժամանեցին դպրոց, ուր բարի գալուստի խօսքով իրենց դիմեց վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան: Ան մաղթեց, որ աշակերտները իրենք իրենց զգան տան մէջ եւ հաճելի օր մը անցընեն վարժարանիս 7-8-րդ կարգի աշակերտներուն հետ: Նախաճաշէն ետք անոնք ունեցան ծանօթացման խաղեր: Ապա, իւրաքանչիւրը իր տարիքին յարմար զանազան խաղեր ունեցաւ, բացօթեայ դաշտի խոտերուն վրայ գլտորուեցան, իսկ դասարաններուն մէջ խումբ մը աշակերտներ դիտեցին տեսերիզներ:
Կէսօրուան ճաշէն ետք բոլորը հաւաքուեցան ու իրենց մատնահետքերը ձգեցին «Թռչնոց Բոյն»ը եւ Մխիթարեան Վարժարանը խորհրդանշող երկու կոճղեր պատկերող ծառի մը նկարին վրայ, ծառ՝ որուն եռագոյն արմատները մխրճուած են լիբանանեան ասպնջական հողին մէջ: Այս առիթով Տիկ. Պոյաճեան անգամ մը եւս խօսք առնելով նկարուած պատկերը վերլուծելով ըսաւ, որ մենք որպէս հայկական հաստատութիւններ ծնունդ առած ենք լիբանանեան հողին վրայ եւ մեր առաքելութիւնը կը շարունակենք ամրօրէն կառչած մնալով մեր հայկական արմատներուն:
Հաճելի օրը աւարտեցաւ Ս. Ռիթա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գոհաբանական աղօթքով:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ