image

Պէյրութ. «Ազգային միացեալ վարժարան»ի տնօրէնուհին հրաժարած

Պէյրութ. «Ազգային միացեալ վարժարան»ի  տնօրէնուհին  հրաժարած

Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ գործող վարժարանի  տնօրէնուհի Թալին Հաւաթեան- Մարտիրոսեան հրաժարական տուած է: Այս մասին լուրը տարածուած է լիբանանահայ կրթական շրջանակներուն  մօտ:

Թէպետեւ իր պաշտօնը տարի մը առաջ ստանձնած տնօրէնուհիին հրաժարման մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն լոյս չէ տեսած, սակայն  վարժարանի դիմատետրի էջէն  պարզ կը դառնայ, որ նորաբաց դպրոցը, ներկայ փուլին պիտի կառավարուի տնօրէն խորհուրդով մը, որուն մաս կը կազմեն գաղութին մէջ կրթական զանազան կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնած անհատներ:

Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նեցուկն ու հովանին վայելող դպրոցը  կը լրացնէ արդիական մեթոտներով գործող վարժարանի մը բոլոր առանձնայատկութիւնները եւ կոչուած է ըլլալ լիբանանահայ գաղութի ամէնէն  մեծ կրթական օճախը:

Նախատեսուած է, որ դպրոցը իր դռները բանայ յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին: