image

Դատարանը վարոյթ ընդունած է Ծառուկեանի հայցն ընդդէմ Փաշինեանի

Դատարանը վարոյթ ընդունած է Ծառուկեանի հայցն ընդդէմ Փաշինեանի

Դատարանը յունիս 12-ին վարոյթ ընդունած է Գագիկ Ծառուկեանի հայցն ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի։

Նիկոլ Փաշինեանի դէմ հայցի հիմքը վարչապետի կողմէ մայիս 28-ի ճեպազրոյցի ժամանակ հնչեցուցած արտայայտութիւններն են։

Ըստ հայցադիմումի՝ Փաշինեանը Ծառուկեանը անուանած է «յանցագործ», «շպիոն», «գործակալ» եւ մեղադրած է անոր «յանցաւոր գործարք կնքած ըլլալու» եւ «Հայաստանի ժողովուրդը թալանելու» մէջ։

Հայցուորը կը պահանջէ hրապարակայնօրէն հերքել զրպարտութիւն համարուող տուեալները շարք մը լրատուամիջոցներով (news.am, factor.am, pastinfo.am եւ այլն), ներողութիւն խնդրել Գագիկ Ծառուկեանի պատիւն ու արժանապատւութիւնը արատաւորող արտայայտութիւններու համար։

Ծառուկեանը կը պահանջէ նաեւ բռնագանձել 6 միլիոն դրամ՝ որպէս զրպարտութեան եւ 3 միլիոն դրամ՝ որպէս վիրաւորանքի փոխհատուցում։

Գագիկ Ծառուկեանը հայցադիմում ներկայացուցած է նաեւ հանրային հեռուստաընկերութեան դէմ։ Հայցին մէջ վէճի առարկան մայիս 24-ին հեռարձակուած «Քոչարեանի դրդմամբ՝ ԲՀԿ հիմնում, Սարգսեանի հետ կոալիցիա...» վերտառութեամբ տեսանիւթն է։

Հայցուորներու պնդմամբ՝ տեսանիւթին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, թէ ԲՀԿ-ն ստեղծուած է որեւէ քաղաքական ուժի դրդմամբ կամ հովանաւորչութեամբ, սուտ են եւ զրպարտութիւն։ Անոնք նշած են, որ ԲՀԿ-ն անկախ կուսակցութիւն է՝ հիմնադրուած 2004 թուականին։

Այս հայցով կը պահանջուի հրապարակել հերքում Հանրային հեռուստաընկերութեան կայքին մէջ, YouTube-եան եւ Facebook-եան էջերուն վրայ, ինչպէս նաեւ «Լուրեր» հաղորդման ընթացքին, նաեւ՝ բռնագանձել 6 միլիոն դրամ յօգուտ Գագիկ Ծառուկեանի եւ ԲՀԿ-ի (ընդհանուր 12 միլիոն դրամ)՝ որպէս վնասի փոխհատուցում։