Միացեալ Նահանգները գոհ է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կայուն առաջընթաց գրանցած են խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ՝ որ կը կարգաւորէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները. այս մասին, ինչպէս գրած են ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցները, ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ:
«Կ՚ուզեմ վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան, որ վերջնականապէս վերջ կը դնէ բազմադարեան հակամարտութեան:
Խաղաղութեան պայմանագիրը ոչ միայն կ՚ապահովէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլեւ կը վերափոխէ ամբողջ տարածաշրջանը՝ ճանապարհ հարթելով Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ առեւտուրի, ներդրումներու եւ կապի աւելացման համար», -ըսուած է նամակին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահն ընդգծած է, որ այն լոյսին տակ, երբ COP29 միջազգային համաժողովի կապակցութեամբ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Պաքուի վրայ, Ատրպէյճանը բացառիկ հնարաւորութիւն ունի միջազգային հանրութեանն ի ցոյց դնելու իր յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան:
«Ինչպէս գիտէք, խաղաղութեան պայմանագրի մնացած յօդուածներու վերջնականացումը կը պահանջէ ստեղծագործական մօտեցում եւ փոխզիջում բոլոր կողմերէն: Բայց ես վստահ եմ, որ դուք կը շարունակէք հանդիպումները, եւ ես կոչ կ՚ընեմ այս տարի վերջնականացնելու պայմանագիրը:
Կ՚ուզեմ իմ յանձնառութիւնը յայտել՝ աջակցելու այս հարցին։ Իմ վարչակազմը հաւատարիմ է համարձակ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ճանապարհ կը հարթեն դէպի խաղաղութիւն: Իմ խնդրանքով իմ յատուկ օգնական, Եւրոպայի գծով ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրը կը տեղեկացնէ յստակ քայլերու մասին, որոնք մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու եւ կը պարզէ ձեր դիրքորոշումը Հայաստանի հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ։ Յոյսով եմ, կ՚օգտուիք այս հնարաւորութենէն՝ տարածաշրջանի համար ընդհանուր բարգաւաճման եւ ընդհանուր բարօրութեան նոր ուղի գծելու համար», - եզրափակած է Պայտընը: