image

Պայթումներ տեղի ունեցած են Թեհրանի կեդրոնի օդային տարածքին մէջ

Պայթումներ տեղի ունեցած են Թեհրանի կեդրոնի օդային տարածքին մէջ

Շարք մը պայթումներ տեղի ունեցած են Թեհրանի կեդրոնի օդային տարածքին մէջ, լսուած է հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու աշխատանքի ձայնը:

Իրանի զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ ետ կը մղուին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները Թեհրանի տարբեր շրջաններու վրայ:

Իսրայէլեան կողմն իր հերթին յայտնած է իրանեան հարուածներու մասին։ Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ հնչած են օդային տագնապի ազդանշաններ։