Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ պայթում մը որոտացած է: Աղբիւրը, որ դէպքին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ տուած, նաեւ նշած է, որ դէպքին հետեւանքով ինկած են մարդկային կորուստներ:
Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ դէպքը արդիւնք էր ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին:
Կը սպասուին յաւելեալ մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ Հալէպի արեւմտեան հատուածներուն մէջ եւ յատկապէս գիւղական շրջաններուն մէջ «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ տիրական ներկայութիւն ըլլալ: