image

Պայթում Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ. Կան զոհեր

Պայթում Հալէպի արեւմտեան հատուածին  մէջ. Կան զոհեր

Հալէպի   արեւմտեան  հատուածին  մէջ   պայթում մը որոտացած է: Աղբիւրը, որ դէպքին շուրջ   յաւելեալ  մանրամասնութիւններ    չէ տուած, նաեւ նշած է, որ  դէպքին հետեւանքով      ինկած  են մարդկային կորուստներ:

Իր   կարգին «Ալ Մայատին» կայանը  հաղորդեց, որ    դէպքը  արդիւնք էր ականուած  ինքնաշարժի մը   պայթումին:

Կը սպասուին յաւելեալ   մանրամասնութիւններ:

Նշենք, որ  Հալէպի   արեւմտեան  հատուածներուն մէջ    եւ յատկապէս  գիւղական շրջաններուն մէջ       «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ  տիրական  ներկայութիւն ըլլալ: