image

Քեսապի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը մտահոգիչ է». Հոգշ. Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան խօսեցաւ Arevelk.am-ին

Քեսապի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը մտահոգիչ է». Հոգշ. Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան խօսեցաւ Arevelk.am-ին

«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով, վերջին օրերուն Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանի անտառներուն մէջ բռնկած եւ տարածուած հրդեհը հասած է Քեսապի առաջին գիւղ՝ Տիւզաղաճ։

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ, հոգեշնորհ Տէր Եսայի վարդապետ Էօրտէքեանն «Արեւելք»-ին յայտնեց, որ այս պահուն գիւղը կրակներու մէջ է, եթէ չկարենան յանգցնել, պիտի հասնի Քեսապ, որ ծանր պիտի ըլլայ գիւղի եւ բնակիչներու համար։

Ան յայտնած է, որ գիւղը տափարակի վրայ կը գտնուի, եւ եթէ հրդեհը շարունակուի, գիւղացիներու այգիները պիտի այրին։

Տեղեկացանք, որ Տիւզաղաճ գիւղէն կանայք եւ երեխաները տարհանուած են, երիտասարդները կառավարական ուժերու հետ կը փորձեն մարել հրդեհը։

Հակառակ Սուրիոյ իշխանութեան ջանքերուն՝ հրդեհը չի մարիր, փոթորիկն աւելի նպաստած է տարածուելուն։