image

Մահ՝ նուիրեալ հայուհի, բարերարուհի Անի Զավզավաճեան-Ազարեանի

Մահ՝ նուիրեալ հայուհի, բարերարուհի Անի Զավզավաճեան-Ազարեանի

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի անդամներէն, բարեպաշտ, հեզ, ազնիւ Տիկին Անի Զավզավաճեան-Ազարեանին, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 11 Յուլիս 2025֊ին։

Տիկնանց Համախմբումը կը յայտնէ, որ հանգուցեալ Անին նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ բարերարութիւնը՝ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան վերջերս երեսունհինգ տարուայ ծառայութեան համար յուշանուէրի արժանացաւ։

Տիկին Անին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հանդէպ անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է, ինչպէս նաև՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

Անին քալած է իր մօր՝ Աստղիկ Զավզավաճեանին ճամբով, շարունակելով իր աջակցութիւնը  եւ միշտ զօրավիգ կանգնելով Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։