image

Արցախցիները դադրեցուցին նստացոյցը

Արցախցիները դադրեցուցին նստացոյցը

Մենք նպատակայարմար չենք գտներ այս փուլին շարունակել մեր գործունէութիւնն Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ։ Այս մասին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին տեղեկացուցած է Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անդամ Ապրես Մարգարեան, նշելով, որ օրակարգը, որ մենք յայտարարեցինք՝ փաստօրէն չստացուեցաւ, քանի որ չկայ հանրային աջակցութիւն փողոցային պայքարին:

Ան անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտի գործիչներուն ըսած է, որ նոյն այն գործիչներէն, որոնք պարբերաբար կը խօսէին արցախցիներու իրաւունքներու մասին, քիչերը հանրահաւաքին ներկայ եղած են:

Մարգարեան տեղեկացուցած է, որ պայքարին ընդգրկուած էին նաեւ Արցախի հինգ խմբակցութիւնները, ներկայացուցիչները, համայնքի ղեկավարները եւ այլն, որոնց հետ առաջիկայ օրերուն պիտի վերակազմակերպուին եւ  հանդէս  գան հետագայ ընելիքներու մասին յայտարարութեամբ:

«Առաջիկայում կը քննարկենք՝ ինչ ձեւաչափով եւ ում հետ ենք համագործակցելու այս հարցերի շուրջ: Երբ որ լինի հանրային մեծ պահանջարկ, մենք պատրաստ ենք նորից այդ պատասխանատուութիւնը վերցնելու, զուտ փողոցային պայքարի մասով: Խորհուրդը չի լուծարւում», - ամփոփած է Արցախցիներու իրաւունքներու խորհուրդի անդամը: