image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով կը խօսի «համաձայնութեան» մը մասին

Պայրամով կը խօսի «համաձայնութեան» մը մասին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն մէջ որոշակի առաջընթաց կայ. Պաքուն կ'ուզէ պայմանագիր կնքել: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝  Reuters-ին տուած հարցազրոյցին:

Ըստ անոր՝ Պայրամովն ըսած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի է, եթէ Հայաստանը պատրաստ է որոշակի քայլեր ձեռնարկելու:

«Եթէ ոչ միայն յայտարարութիւններ, այլեւ գործնական քայլեր ընելու կամք կայ, կը կարծեմ, որ հնարաւոր է համաձայնութեան հասնիլ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ: Բայց եթէ իրական պատրաստակամութիւն չկայ... ապա այդ կրնայ ըլլալ աւելի ուշ»,- ըսած է ան: