Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն մէջ որոշակի առաջընթաց կայ. Պաքուն կ'ուզէ պայմանագիր կնքել: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ Reuters-ին տուած հարցազրոյցին:
Ըստ անոր՝ Պայրամովն ըսած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի է, եթէ Հայաստանը պատրաստ է որոշակի քայլեր ձեռնարկելու:
«Եթէ ոչ միայն յայտարարութիւններ, այլեւ գործնական քայլեր ընելու կամք կայ, կը կարծեմ, որ հնարաւոր է համաձայնութեան հասնիլ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ: Բայց եթէ իրական պատրաստակամութիւն չկայ... ապա այդ կրնայ ըլլալ աւելի ուշ»,- ըսած է ան: