image

Պայքար յանուն Հայաստանի տնտեսութեան. ՀՀ Հանքագործներու հաղորդագրութեան հետքերով

Պայքար յանուն Հայաստանի տնտեսութեան. ՀՀ Հանքագործներու հաղորդագրութեան հետքերով

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի հարեւան ներկայացող Ատրպէյճանի համար թիրախ է նաեւ մեր երկրի աճող տնտեսութիւնը։ Տնտեսութիւն, որ հակառակ վերջին տարիներու աղէտալի պատերազմին, եւ բխած ծանր հետեւանքներուն եւ նիւթական մեծ վնասներուն շարունակեց մնալ կանգնուն, ու բաց աստի մեր տնտեսութիւնը կարողացաւ նոր դրական լիցքեր հաղորդելով հատել դրականութեան շէմը, այդպիսով ալ հանրութեան մօտ յոյս ներշնչելով, որ այսօրուան բարդ պայմաններուն մէջ անգամ մեր երկիր՝ Հայաստանը զարգացման եւ նորանոր նուաճումներու հիմնարար գետին մը ունի։

Մէկ կողմէ Հայաստանի մարդկային ներուժը, եւ միւս կողմէ ալ մեր երկրի բնական հարստութիւնները կը շարունակեն անհանգստութիւն պատճառել թշնամի կողմին, որ այդ առումով ալ կը փորձէ «սպիտակ բիծեր» գտնելով «օզոնի խոռոչ»ին նման խոռոչներ «յայտնաբերել» ու այդ խոռոչները տանիլ հասցընել միջազգային իրաւարար կողմերու, միով բանիւ յայտարարելով, որ Հայաստանը «տարածաշրջանային աղէտ»ի մը մէջ է ու «փաստարկելով» որ մենք հայաստանցիներս կ՚ապրինք «բնապահպանական դժոխք»ի մը մէջ։ Այս բոլորը «հասկնալի» են հակառակորդէ, որուն «պետական» մտածողութեան ենթահիմքը եւ աշխուժացնող մեքանիզմը կը շարունակեն մնալ , ոչ միայն Հայաստանը արտաքին աշխարհին առջեւ խոցելի դարձնելու միտումները, այլ Հայաստանը ծունկի բերելու քաղաքականութիւն մը, որուն դիմաց մենք հայերս պարտաւոր ենք որդեգրել ամուր , տրամաբանուած եւ մեր ներքին ուժին վրայ հիմնուած կտրական քայլեր։Եթէ խօսքը համընդհանուր խաղաղութեան մը հասնելու մասին է, շատ բարի հասնինք այդ խաղաղութեան, առանց սակայն տեղի տալու, առանց նահանջի եւ առանց մեր ներուժը կամ բնատուր հարստութեան օղակները վտանգի տակ դնելու։ Այս ամբողջ պատմութեան մէջ զարմանալին այն է, որ Պաքու իր հայատեաց քարոզին եւ այդ քարոզէն բխած քայլերուն մէջ յաճախ կը հենի Հայաստանեան Հասարակական Կազմակերպութիւններու կողմէ հրապարակուող զեկոյցներուն, որոնք ոչ միայն սխալ տեղեկանք կը պարունակեն, այլ թացը չորին հետ այրելով վնաս կը պատճառեն Հայաստանի տնտեսութեան իրական «թոքեր»ուն՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին։ Այս առումով ալ ու աւելիով հասկնալու համար պարզուած պատկերը «Արեւելք» իր ընթերցող հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնէ օրերս հրապարակուած եւ Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւնը, ուր սեւով սպիտակի վրայ կը բացատրուի վերջին շրջանին եղած զարգացումները, Ատրպէյճանի հայավնաս քաղաքականութիւնը ու այդ քայլերուն առընթեր Պաքուի Հայաստանեան «ՀԿ»ներուն յղում տալու դատապարտելի մօտեցումը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած նիւթը, այն վառ յոյսով, անգամ մը եւս միասնութեան եւ միաբանութեան ուժ տալով Հայաստանն ու հայութիւնն առհասարակ պիտի կարողանան դուրս գալ դժուարին եւ տագնապներով լեցուն իրավիճակներէն նայելով միշտ կայուն, համերաշխհ եւ անվտանգ երկիր գոյացնելու հիմնարար տեսլականին։

                                                                  «Արեւելք»

Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը որոշ մարդոց ապատեղեկութեան հետեւանքով յաճախ թիրախ կը դառնայ կեղծ մեղադրանքներու, ըլլայ այդ Հայաստանէն ներս կամ դուրս։ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ նշեալ յայտարարութիւնը (արեւմտահայերէնով), որ հրապարակուած է միութեան պաշտօնական էջին մէջ:

Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանէն դուրս եւ Հայաստանէն ներս մեր երկրի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի թիրախաւորման, ապատեղեկատուութեան, վարկաբեկիչ եւ կեղծ մեղադրանքներու տարածման առնչութեամբ, որ կրնայ լրջագոյն հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի տնտեսական կայունութեան համար։ Միութեան անդամ կազմակերպութիւնները լաւ կը պատկերացնեն ոլորտի խնդիրները եւ հետամուտ են լաւագոյն լուծումներու ներդրման հարցով։

Վերջին տարիներուն Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը զգալի առաջընթաց ապրած է՝ կայուն կառավարման առումով։ Չէինք ակնկալեր, որ հայաստանեան բնապահպանական կազմակերպութիւնները կը նկատեն կամ կը խրախուսեն այդ փոփոխութիւնները։ Բայց առնուազն յոյս ունէինք, որ զուտ ազգային շահերէն ելլելով զգուշաւորութիւն դրսեւորեն՝ չաջակցելու Հայաստանը որպէս «տարածաշրջանային աղէտ» ներկայացնելու եւ դէպի մեր երկիր ներդրումները կանխելու Ատրպէյճանի քաղաքական նպատակներու իրականացման։

Օրինակները բազմաթիւ են։ Ամենաթարմը՝ օրերս ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու եւ պաշտօնեաներու կողմէ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի դէմ եղած համախմբուած յայտարարութիւններն են, ուր, ցաւօք, հիմնական յղումը 

 կը կատարուի հայաստանեան կազմակերպութիւններուն: Ատրպէյճանի մէջ արդէն բացայայտ աջակցութիւն կը յայտնեն հայաստանեան բնապահպանական կազմակերպութիւններուն՝ ոլորտի դէմ պայքարին:

Ակնյայտ է, որ եթէ նոյնիսկ հայաստանեան որոշ Ոլորտի մասնագէտները բազմիցս զգուշացուցած են հայաստանեան ՀԿ-ները նման շրջադարձի մասին։ Մէկ այլ օրինակ է՝ վերջերս չեխական ինչ որ կազմակերպութեան կողմէ եղած հետազօտութիւնը հայկական բնապահպանական հասարակական երկու կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի հանքարդիւնաբերական մարզերուն մէջ։

Հայաստանեան փորձագիտական շրջանակներէն մտահոգութիւններ բարձրացան թէ՛ այդ կազմակերպութեան հետազօտութեան հնարաւոր որակի, թէ՛ որեւէ կերպ այդ ոչ հաւաստի «արդիւնքներ»ու հրապարակման առումով, որոնք կրնան օգտագործուիլ ոչ բարեկամ երկիրներու կողմէ։ Եւ, իրօք, այդ «հետազօտութեան» արդիւնքներու հրապարակման անմիջապէս յաջորդեցին ատպէյճանամէտ մամուլի բուռն հրապարակումները, որոնմցով փորձ կ'ըլլայ Հայաստանը ներկայացնել, որպէս «բնապահպանական դժոխք», իսկ հայկական հանքարդիւնաբերութիւնը՝ տարածաշրջանի աղտոտման աղբիւր։

Յայտնի է, որ Ատրպէյճան բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը փորձէ թուլացնել Հայաստանի տնտեսութիւնը։ Ցաւով պէտք է յիշեցնենք Երասխի մետաղաձուլական գործարանի նախագիծը։ Ատրպէյճան իր բոլոր միջոցները ներդրեց այդ նախագիծը վիժեցնելու, եւ գործարանը տեղափոխուեցաւ այլ շրջան եւ միլիոնաւոր տոլարներու վնաս պատճառեց մեր տնտեսութեան։

Ատրպէյճանի մշտական թիրախի կեդրոնը կը գտնուին Մեծամօրի աթոմակայանը, Կապանի, Քաջարանի գործարանները, դեռ չգործող Ամուլսարի հանքը, Արարատի ոսկիի կորզման գործարանը, Թեղուտը՝ հիմնականին անհեթեթ, ակնյայտ կեղծ եւ վտանգաւոր մեղադրանքներով, որոնց մեծ մասին մէջ, ցաւօք, կը վկայակոչուին հայաստանեան ՀԿ-ներու ներկայացուցիչները։

Զարմանալի կազմակերպուածութեամբ միջազգային ատեաններուն նամակներ գրելով հայաստանեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ հետեւողականօրէն կ'աջակցին Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ Հայաստան ներդրումներու մուտքը կանխելու նպատակով։

Մենք որեւէ մէկու՝ մտահոգութիւն արտայայտելու իրաւունքը սահմանափակելու նպատակ չունինք։ Սակայն կ'ուզենք յիշեցնել, որ ոչ մասնագիտական գնահատականները, անհիմն մեղադրանքները, ապատեղեկատուութիւնը պարարտ հող կը տրամադրեն Ատրպէյճանի քարոզչական միջոցներուն, կասկածի տակ կը դնեն մեր երկրին մէջ պատասխանատու եւ ժամանակակից հանքարդիիւնաբերութիւն ունենալու հեռանկարը։

Դարձեալ ստիպուած ենք կոչ ընել դրսեւորելու հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ առաւելագոյն զգուշաւորութիւն, չընել զրպարտական յայտարարութիւններ, որոնց ոլորտի կազմակերպութիւնները ստիպուած ըլլան արձագանգելու դատական հայցերով, ելլելով մեր երկրի գլխաւոր շահերէն։