Պատուաստէն 48 ժամ անց ամէն ինչ արդէն բնական հունի մէջ է։
Առաւօտեան սուրճին հետ արագ վերյուշ մը շրջանիս բուժարան, ուր երեւելի էր աշխուժութիւնը։
Շատ խոցելի էր պատկերը, գետինները ահաւոր իսկ իմ սիրելի բժիշկս, որ տարի մը առաջ «Քովիտ»ի օրերուն օգտակար խորհուրդներ տուած էր մէկ ժամ թուղթերու վրայ տեղեկութիւններ գրանցեց ու լուռ գլուխը կախ աշխատեցաւ ինծի համար։
Ըսի քիչ մը կատակեմ,-
«Բժիշկ ջան, համակարգիչ չունէ՞ք էստեղ, արագ գրէիք աւարտէինք, նստել էք Խորենացու նման, ոնց որ Հայոց Պատմութիւնն էք գրում»։
Բժիշկը քիչ մը նեղսրտեցաւ, բայց ամէն պարագայի շատ լաւ գիտէի, որ պիտի չնեղանայ... յետոյ ձեռքս երկարեց տետրակի նմանող բան մը եւ առաջնորդեց, դէպի պատուաստման սենեակ։
Պատուաստումի սենեակը բացառիկ լուսաւոր էր, մաքուր եւ կարգին։ Կարծէք մասնաւոր հիմնարկի մը, մասնաւոր բուժասենեակն ըլլար։ Արագ-արագ նկարեցի ընդհանուր պատկերը, երեք հիւանդապահներ էին, խօսեցայ, ծանօթացանք եւ տեղս նստայ։ Այդ պահուն էր, որ երկու տեսակի Հայաստաններու գոյութեան մասին մտածեցի։ Առաջինը մասնաւոր կամ սեփական Հայաստանն էր, մաքուր, սպիտակ, տեղը տեղին եւ արդիական, իսկ երկրորդը հանրային Հայաստանն էր, կեղտի մէջ կորսուած, թափթփած, հին եւ քիչ մըն ալ սովետական։
Ի դէպ սովետականէն դէպի մասնաւոր Հայաստանի ժամանակաշրջանը ահագին տարածութիւն մըն ալ կայ, որ առաւելաբար կը լեցուի հին կահ կարասիներով, պատին փակցուած չինական (հաւանաբար նուէր տրուած) օրացոյցներով, ու ամենավատը գետնի մետլախ-գաֆէլով, որ ամրան տապին շատ հաւանաբար թաքստոց կը դառնայ սեւ խաւարասէրներու։
Արդիական Հայաստանը բոլորը կը սիրեն, սակայն ոչ բոլորը ճիգ կ՚ընեն, որ անցեալի փոշիներուն մէջ ապրող Հայաստանի բոլոր ապակիները մաքրուին ու տեսարանը մնայ միայն նորին ու փայլունին։
Հինի ու նոր մասին խօսակցութիւնը կը շարունակուի, մինչեւ որ բուժքոյրը կ՚ահազանգէ, որ տեսէք հալեցաւ ձեր պատուաստը, հետեւաբար եկած էր պատուաստն ստանալու իմ հերթը։
Ան նաեւ կը բացատրէ պատուաստին ճիշդ անուանումը, պատուաստսը ստանալու միջոցները, տեղաւորումը ու ապա ասեղին կցուիլն ու ներարկումի երջանիկ պահը։
Անկախ բոլոր տեսակի շատախօսութիւններէ, շատ յաճախ ալ անմտութեան հասնող գրառումներէ պատուաստը մեր օրը լաւացնելու միտուած «գործիք» է։ Անշուշտ պատուաստն առնելը մինչեւ հիմա անհատական որոշում է, եւ յետագային չեմ բացառեր, որ աշխարհի ազդեցիկ երկիրներ պատուաստ առնելը դարձնեն պարտադիր եւ ատոր համար ալ մշակեն յատուկ օրէնքներ։ Ու այս առումով ինծի համար, երբեք պատահական չէ, որ մարդիկ չուզեն հաւատալ պատուաստի կարեւորութեան,՛ ձեւով մը վախ ապրին, «Քովիտ»էն վարակուած օրերերու «տանջանքներ»ը յիշեն, ու այս բոլորը աւելիով կը շեշտաւորուին, երբ խօսքը հայ ժողովուրդին մասին է, որն ամիսներէ ի վեր Ֆէյսպուքեան իր աշխարհին մէջ նիւթեր կը հնարէ պատմելով վարակին «շինուած» ըլլալուն ու հետեւաբար պատուաստին «մութ ձեռքեր»ով եւ «մութ նպատակներով» պատրաստուած ըլլալուն եւ անոր միջոցաւ «աշխարհը կառավարելու» մասին։
Պատուաստը արեանս մէջ է, փոքր ցաւ մը եւ արդէն բուժքոյրը առողջութիւն կը մաղթէ եւ խնդրէ, որ առնուազն կէս ժամ նստիմ, մինչեւ որ վստահ ըլլան, որ «լաւ եմ զգում» ու ձեռքս յաջորդ պատուաստի թուականին «տոմսակ»ը տալով դարձեալ առողջութիւն մաղթեն։
Դուրս կու գամ բուժկէտէն, շատ աշխոյժ կը հասնիմ տուն պատառ մը կուտեմ ու կ՚երթամ աշխատանքիս։ Թեթեւ ջերմութիւն մը ունիմ, բայց խանգարող բան մը չէ։
Թեթեւ ջերմութիւնը, ոչ մէկ կերպ կ՚ազդէ քաղաքական դիրքորոշումներուս վրայ, անուններու շփոթ չունիմ, չեմ փոխած նախասիրութիւններս, գիտեմ գրասեղանիս վրայ եղած գիրքերուն դասաւորութիւնը, ու ամենակարեւոր շատ լաւ գիտեմ, որ ոչ ոք կրնայ ազդել իմ սեփական կարծիքներուս վրայ։
Կը հասնիմ «ՇԱՆԹ»ի տաղաւար, հիւրիս հետ կը խօսիմ ու մեր զրոյցը աւելի ու հանրային դարձնելով միասնաբար կը խօսինք Իրանի զարգացումներուն ու մանաւանդ Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆի կողմէ եղած կարգ մը յայտարարութիւններուն մասին, որոնց արտահոսքը ձեւով մը վերջ պիտի տար ինծի համար այդքան ախորժալի եւ իմաստուն գործիչի քաղաքական կեանքին։
Ցտեսութիւն կը մաղթեմ Գարիկ Միսակեանին, կը բարձրանամ գրասենեակ, կէս ձգուած գործերս կ՚ընեմ ու ամենակարեւոր բժիշիկիս կը զանգեմ հարցնելու համար, որ բժիշկ ջան «կարող ե՞մ էսօր գարեջուր խմել»։
Բժիշկն է պատասխանողը՝ «Պարոն Արեան ուզում էք Կոնիաք էլ կարաք խմէք, բայց ոչ այսօր...»։
Բժիշկս համբերատար կերպով նաեւ կը բացատրէ, որ այսօր լոգնալն ալ բացառուած է, սակայն ես «վրայ տալով» կ՚ըսեմ, որ «անկարելի է, չեմ կարող հանգիստ քնել, եթէ գիշերը չլողանամ...»։
Ու ըսածիս պէս ալ կ՚ընեմ, լաւ լոգանք մը կը ստանամ ու քունի կ՚անցնիմ։
Սուտ չխօսիմ, շաբաթ առաւօտուն կ՚արթննամ բաւական ուշ, գլուխս ծանր, սակայն «Քովիտ»ի օրերէն անհամեմատ լաւ։
Սուրճս կը խմեմ, ի դէպ «Քովիտ»ի առաջին երեք օրերուն ոչ մէկ անգամ սուրճ խմելու փափաք ունեցած եմ, ու ինծի համար սուրճ խմել-չխմելու իրավիճակը, կերպով մը ազդանշան է, լաւ զգալուն հետ։
Եթէ լաւ եմ, պարտադիր առաւօտեան սուրճս պիտի վայելեմ, յաճախ ֆայրուզիս ձայնին հետ, երբեմն ալ կարգ մը ընկերներու աւելի վաղ գրուած հաղորդագրութիւններուս պատասխանը լսելու կամ կարդալու հետ։
Դժկամբութեամբ հագուստներս կը հագուիմ, իսկ տնեցիք կը խնդրեն, որ գէթ այսօր տունը մնամ։
Կ՚ընդիմանամ, ըսելով, որ տունը մնալս աւելիով պիտի վատթարացնէ վիճակս։
Գրասենեակ կը հասնիմ, ընելիք գործերս մեծ դժուարութեամբ կ՚ընեմ ու օրը բաւական կ՚երկարի։
Ժամը հինգի կողմերը «Իմպիր»ի թէյս կը պատրաստեմ, «Սաութ լուպնան»ի լուրերը կ՚առնեմ ու քիչ մըն ալ «ՇԱՆԹ»ի խմբագրիս հետ զրուցելէ ետք դուրս կու գամ ամէնօրեայ քալելուս։
Գլուխս ծանր է, սակայն նեղացուցիչ չէ վիճակը, կը շարունակեմ պտոյտը սովորականէն քիչ մը նուազ, քամի կայ, լաւ հագուած եմ, բայց ինչ որ բան այն չէ։
Վերադարձիս կը մտածեմ, որ այս գլխու ծանրութիւնը վերացնելու մէկ ճար ունիմ եւ ատիկա «Ատվիլ» մը առնելն, քանի դեռ երեք հատիկ ունիմ սրուակին մէջ...։ Կը զանգեմ Պէյրութցի բժիշկ ընկերոջս, կը համաձայնինք, որ կարող եմ «Ատվիլ»ը հանգիստ կերպով առնել, ու հանգիստ մըն ալ քնանալ։
Օրուան տարբեր ժամերուն, մէջս երգելու մեծ փափաք ալ առաջ կու գայ, քանի մը ընկերներու հետ կը խօսիմ, հալ-քէֆ կը հարցնեմ, մի քանի լուր կը շարադրեմ, գրասենեակս կարգի կը բերեմ ու տուն երթալու կը պատրաստուիմ։
Մինչ վարորդը, որ Վարդենիսէն է ու տակաւին չի գիտեր «ՇԱՆԹ» հեռուստակայանի հասցէն ու այդ պատճառով ալ զիս մինչեւ երեք հարիւր մեթր մը քալել կու տայ, կը հարցնէ, թէ ինչ էր զգացումդ, կամ «ոնց ես զգում քեզ պատուաստումից յետոյ», կը մտածեմ պատկերաւոր կերպով բացատրել, թէ ինչպիսին էին զգացումները պատուաստը յաջորդող քանի մը ժամերուն։
Առաջին օրը կ՚ըսեմ նման էր «Քովիտ»ի վարակման առաջին ժամերուն, երբ կ՚ըզգաս, որ անբնական վիճակ մը ունիս, սակայն դեռ չես գիտեր որ վարակուած ես, իսկ պատուաստի պարագային շատ լաւ գիտես, որ պատուաստը մէջդ է, սակայն չես գիտեր թէ ինչպէս կրնայ այն վրադ ազդել։
Իսկ երկրորդ օրը, որ իմ պարագայիս յատկանշուեցաւ գլխու ծանրութեամբ, նման է ինքնաշարժով երկար ու յոգնեցուցիչ ճանապարհորդութեան մը, որու աւարտին շատ լաւ գիտես, որ առիթ պիտի ունենաս լաւ թէյ մը առնելու, ու տաք լոգանքէն յետոյ ալ երկար ու առողջ քուն մը քաշելու։
Այդպէս էր պատուաստի առօրեան ու ամենալաւն այն էր, որ պատուաստէն ետք առկայ զգացումները այնպէս մը հասունցան մէջս, որ «Քովիտ»ին հետ ապրած փորձառութիւնս դարձաւ միայն յիշատակ։
Յիշատակ, որուն մէջ կան մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եւ յաճախ շատ սիրեի ընկերներուն ժպիտը, որոնք նոյն «Քովիտ»ին զոհը եղան ու առանց անոր ալ Արցախի մեծ պատերազմին տուած ցաւին հետ մեր կեանքը աւելի դառն դարձուցին։
Պատուաստը, եթէ կ՚ուզէք, խորքային բան մըն ալ ունի, ան յուշակոթող է կեանքին անունով, որ մեր մէջ կը ծլի ու կ՚ապրեցնէ աւելի կանաչ գարուններ ապրելու եւ ապրեցնելու յոյսը։
Իմ պարզ խորհուրդս է, որ բոլոր այն ընկերները, բոլոր մարդիկ, որոնք մեծ զգայնոտութիւններ չունին, որոնք ծանր ու թեթեւ ապրած են «Քովիտ»ի դժուար կամ հեշտ օրերը, բոլորն ալ պատուաստուին։
Կեանքին համար, որ դժուար է, բայց քաղցրոտ՝պատուաստուին։
Սագօ Արեան