image

Պաթալ մէ պի մութ

Պաթալ մէ պի մութ

Այս հակիրճ յուշագրութեան ամենասկիզբը, նշեցի սինէմայի – ու նաեւ թէլէվիզիոնի – ֆիլմերու մէջ, դասական դրուագ մը:

Տարիներէ ի վեր, ամէն անգամ որ այդպիսի ֆիլմ մը կը դիտեմ, եւ կը հասնինք այդ դրուագին, անպայման միտքս կու գան Զոգագ էլ Պլաթի պահակութեան օրերս:

Եւ ամէն անգամ, դարձեալ կը գիտակցիմ թէ, տակաւին ու ընդմիշտ, որքան պարտական եմ՝ Աստուծոյ:

Նախ, քանի որ ապրած եմ այդ օրերը:

Ապա, քանի որ ողջ դուրս ելած եմ այդ օրերէն:

Բայց անկէ ի վեր, երբէք տակը չեմ մնացած, չէ՞, Տէր:

Ու դեռ կը շարունակեմ պարտքս ջանալ փակել:

 

 

Այն ֆիլմերուն մէջ ուր զէնքեր կան (պատերազմական, ոստիկանական ու նաեւ որեւէ տեսակի ֆիլմ, ուր զէնքերով բաներ տեղի կ’ունենան), դասական դրուագ մը կը տեսնենք, որ հետեւեալն է՝ զինուած մարդիկ, պահուըտելով, կը մօտենան տեղ մը ուր զինեալ պահակներ կան. եւ առաջին հերթին, մէկ առ մէկ եւ արագօրէն՝ կը մաքրագործեն զանոնք. որպէսզի անկէ ետք սկսի բուն յարձակումը, հէլլէ պէլլէշ ըլ ֆըլըմ ըլլայ:

Երբ որ շատ տեսնես այդպիսի ֆիլմեր, այլեւս այդ մասը լման անկարեւոր կը դառնայ. աչքի ծայրով, որոշ ձանձրոյթով մը կը հետեւիս անոր, սպասելով յաջորդող, հետաքրքրական մասը:

Այդ ջարդուող պահակներուն դերը ստանձնող, անցողակի դերասանները՝ անծանօթ անուններ կ’ըլլան, երբեմն պարզապէս ֆիկիւրաններ, որոնց միմիակ կապը ֆիլմին հետ՝ գլուխէն կապար մը ստանալ եւ գետին իյնալն է: Ընդհանրապէս, մութին մէջ: Այսինքն, անոնց դէմքերը իսկ չեն երեւնար: Կամ ալ, հազիւ… գիշերային յարձակողներուն յատուկ դիտակներու գոց կանաչ լոյսին մէջ…

 

* * *

1980-82, Արեւմտեան Պէյրութ:

Քաղաքացիական պատերազմը քաղաքը բաժնած էր երկու հիմնական մասերու, կրօնքի հիման վրայ: Արեւմտեան Պէյրութ՝ մահմետականները, «միւս կողմը»՝ քրիստոնէաները:

«Միւս կողմը» կ’ըսեմ, քանի որ ես Արեւմտեան Պէյրութի զաւակ եմ: Ու այդպէս ալ մնացի, քանի որ վերոյիշեալ տարիներէն ի վեր, ցարդ, մէյ մըն ալ ետ չեմ գտնուած Լիբանան:

Իսկ քաղաքին այն կրօնական բաժանումին մէջ, միակ բացառութիւնը՝ հայերն էին: Որոնցմէ թէկուզ մեծամասնութիւնը կը բնակէր կամ փոխադրուած էր՝ միւս կողմը, սակայն փոքր թիւով ընտանիքներ մնացած էին Արեւմտեան Պէյրութ: Հիմնականօրէն՝ Զոգագ-Էլ-Պլաթի շրջանը. ուր կը գտնուէին հայոց համայնքի, այդ տարածաշրջանի, բոլոր ենթակառոյցները:

Ուրեմն այդ թուականներուն, տակաւին հազիւ պատանի տարիքիս, սկսայ «պահակութիւն ընել»:

 

* * *

Կացութիւնը հետեւեալն էր:

Արեւմտեան Պէյրութի տուեալ թաղամասերուն մէջ, ՀՅԴաշնակցութիւնը պատասխանատու էր հիմնականօրէն չորս ազգային կալուածներու՝ Ժողովրդային Տունը (դաշնակցական ակումբը), Սուրբ-Նշան եկեղեցին եւ անոր կից Առաջնորդարանի շէնքը, ՀՄԸՄի ակումբը, Ճեմարանը:

Պէտք է որ այս կալուածները պաշտպանուէին: Ինչպէս նաեւ, այդ թաղերուն մէջ մնացած հայերը:

Այդ նպատակով, Կուսակցութիւնը զինեալ փաղանգներ կազմած էր:

Հիմա, իրականութեան մէջ, այդ մարտական դաշնակցականներէն շատերը, հաւանաբար… ուրիշ գործեր ալ կ’ընէին:

Բայց ատիկա, ես չեմ գիտեր:

Այդ օրերուն, ես դեռ տասնըութը տարեկան իսկ չէի եղած:

Ինծի յանձնուած միակ «զինեալ» գործը որ կատարած եմ,՝ վերոնշեալ ազգային կալուածներուն մէջ, պահակ ըլլալն էր: Գիշերները: Երբեմն ակումբը, մի քանի անգամ Առաջնորդարանը, եւ շատ աւելի յաճախ՝ Ճեմարան:

Գիշերային պահակութեան երեք շիֆթեր կային՝ երեկոյան ութէն մինչեւ կէս գիշեր, կէս գիշերէն առաւօտեան ժամը չորս, չորսէն՝ ութը:

Երբ որ ժամերու այդ երկրորդ շերտը կը վիճակուէր քեզի, այդ գիշերը կը լուսցնէիր:

Մինչեւ կէս գիշեր, ամէն պարագայի, ո՞վ կը քնանար, այդտեղ: Իսկ մինչեւ ժամը չորս արթուն մնալէդ ետք, ալ ինչպէ՞ս քնանաս:

Նամանաւանդ որ, երբ որ Ճեմարանի ներքեւի, հսկայ կաղնիներուն տակը, սահուն ու գորշ տախտակէ, քիչ մը թոյլցած նստարաններուն վրայ ոտքերովդ օրօրուելով, արեւածագի առաջին շողերը կը դիմաւորես, մօտակայ փուռը, Միջերկրականի առաւօտներու ջինջ ու կափփս-կապոյտ երկնքին մէջ, կը սկսի նաեւ սփռել իր դիւթական բուրմունքները…

Ի՞նչ ընես… Գետինը դրուած, առանց սաւանի, գոյնը դեղնած (հետզհետէ սրճագոյնի մօտեցող), քրտինքի այլազան երանգներ հոտող, կարծր (կամ ալ, շատ կակուղ) տէօշշէկին վրա՞յ երթաս նետուիս:

Աւելի լաւ չէ՞ երթաս մի քանի հատ փաթթուած մէնէյիշ եւ պանիրովհաց բերես… տաք-տաք… պանիրին հոսող իւղը երբեմն ձեռքդ այրելով (մինչեւ որ զայն, կողմնակի շարժումով, լզես)… եւ քեզի յաջորդած, իր դեռ կիսաբաց աչքերը շփող պահակին հետ նստիս, միասին ուտէք ու վայելէք առաւօտը: Այդ կաղնիներուն մօտն էր նաեւ գիշերօթիկի խոշոր խոհանոցը, ուր թէյի եւ սուրճի (իսկական, ֆինճանով սուրճի, մարդավարի ահ’ուէյի) պակասը չկար:

 

* * *

Այդ գիշերօթիկը իջեվանած էին պարսկահայ տղաք:

Եկած էին որպէս Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներ: Բայց անոնցմէ ալ ոմանք, կարծես նաեւ ուրիշ գործեր ալ ունէին: Եւ խօսքը, «Ազդակ»ի տապարանը աշխատելու մասին չէ…

Բայց այդ ալ, ինծի չի խառնուիր…

Տեղւոյն բնիկ հայերէն աւելի, այդ թուականներուն, այդ տղաքն է որ կը կազմէին սոյն թաղամասերուն դաշնակցական փաղանգը:

Նաեւ այս ամիսներուն, երբ Իզրայէլը ներխուժեց մեր թաղերը, պարսկահայերով հանդերձ, բաւարար տղաք չէին մնացած՝ «քաղաքը»: (Շատերը գացած էին, եւ խաղաղ, հաճելի եւ լուսաւոր Ճիւնիի սրճարաններէնը կը վայելէին…) : Ուրեմն, Պուրճ-Համուտէն մի քանի հոգի եկան:

Քալելով եկան:

 

* * *

Անոնցմէ մէկը մեր քովը հասաւ բաւական կեղտոտ վիճակի մէջ: Ոչ միայն հագուստները, այլ նաեւ ձեռքերը, մինչեւ իսկ ոտքերը, սեփ-սեւ էին: Հասնելուն պէս, անմիջապէս մտաւ դպրոցական մեծ պէտքարան մը, եւ ձեռք լուալու ծորակի մը տակ սկսաւ, օճառով, լաւ մը լուացիլ: Ոտքերն ալ հոն բարձրացուց, մաքրելու համար:

Բացատրեց որ այդ վիճակին մէջ է, քանի որ աշխատանքի վրայ էր, երբ հրահանգ ստացաւ՝ որ մեր քովը գայ: Ուրեմն ամէն բան թողեց, եւ անմիջապէս եկաւ, չուզեց ժամանակ կորսնցնել տուն երթալ լուացուելով, հագուստները փոխելով: Քանի որ իրեն չէր ըսուած թէ ճիշդ ինչու համար զինք կ’ուղարկեն մեր թաղերը, ուզեց ամենարագ կերպով հասնիլ: Իսկ քալելով եկած էր, քանի որ օթոյով աւելի դժուար – եւ անստոյգ – էր մէկ կողմէն միւսը կարենալ անցնիլը, այլազան հէճըզներու պատճառով:

Այդ երեկոյ, հաւանաբար այդ տղան ընթրիքի պիտի սպասէր նաեւ իր ընտանիքը, առանց գիտնալու որ ուրիշ տեղ է: Եւ վերջապէս հասկնալով որ տուն պիտի չգայ, հաւանաբար ոեւէ մէկուն չհարցնէին իսկ, թէ՝ ո՞ւր է ան:

 

* * *

Նոյն տղան, օր մը, ինծի եւ այլ ընկերոջ մը «մատնեց» մեր խմբապետին – ողորմած պարսկահայ Վաչիկը, Ալլա յըրհհամու – :

Մեր յանցա՞նքը՝ Ճեմարանի դիմացի, Համազգայինի շէնքին ետեւը գացած էինք, պիրայի – անշուշտ դատարկ – շիշեր շարած, եւ քիչ մը նշանառութիւն ըրած:

Արդարեւ, խստիւ արգիլուած էր, առանց հրամանի – կամ կենսական պատճառի – ՝ կրակելը:

Երկինքէն տեւաբար կրակ եւ մետաղ կը թափուէր, բառացիօրէն անդադար, մեր շուրջը ամէն կողմ՝ պայթումներ եւ կրակոցներ էին: Բայց մենք, իրաւունք չունէինք, օդին մէջ կամ շիշի մը վրայ, փամփուշտ մը իսկ արձակելու: Թէ ոչ, կը պատժուէինք:

Նոյնիսկ մտերիմ ընկերոջ մը նահատակութեան պարագային, եթէ մէկը ուզէր՝ օդին մէջ – մեռնողին տարիքին համապատասխան թիւով – փամփուշտներ կրակել, պէտք է որ նախ հրաման առնէր:

Ի դէպ, նաեւ, մեր զէնքերը պէտք չէ որ երեւնային: Ատրճանակն ալ շապիկին դուրսէն կրելը, արգիլուած էր: Ատոր համար ալ՝ զափարթա կ’ուտէիր:

Որեւէ փողոցի որեւէ մէկ տեղ, թեւին ծայրը՝ RPG մը կամ ուսին վրայ տուշքա մը շալկած շէպէպներ կ’անցնէին: Բայց դուն, ատրճանակդ դուրսէն չէիր կրնար կրել:

Իշտէ… Դաշնակցութիւն…

Պէտք չէ որ, բնաւ, ցուցադրես: Այլ միայն՝ գործածես: Երբ որ պէտք է: Երբ որ հրամանը ստանաս:

Պարսկահայ տղոցմէ մէկը, որպէս Հայագիտականի – կարծեմ նաեւ AUBի – ուսանող, ձեռքը միշտ գիրք մը եւ մեծ, գոց դեղին, կէս ծալլուած պահարան մը ունէր, իբրեւ թէ մէջը՝ դասընթացքի թուղթերը… Հոն կը դնէր իր տապանճան: Հրաչը, ականջը խօսի: Շատ մօտիկ էինք:

Բայց վերադառնանք՝ շիշերու վրայ (անձնական, պապայիս Astra-ովը) կրակելու անկարգապահութեանս համար, Վահիկին լուր տուող այդ տղուն:

Ուալլա, անոր հետը, ջուրս երբէք չքալեց:

Ես իր դէմը բան չունէի, ընդհակառակը, կը փորձէի հետը ընկերանալ, բայց ինքը զիս հեչ չէր սիրեր: Պէտք է ըսել որ ամէնուն հետ ընդհանրապէս թերս էր, բայց յատկապէս ինծմէ, քիչ մը աւելի կը ջղայնանար:

Մինչեւ իսկ անգամ մը, նայէ ինչ եղաւ:

Ուրեմն, գիշերօթիկի շէնքին խոհանոցին մէջ, իրիկուն մը, ելլեմ բոլորին համար փասթա մը պատրաստեմ, ըսի:

Ջուրը դրի կրակին վրայ, բարի-բարի կ’աշխատիմ կոր… Բայց, խալթ կերայ՝ ըսփակեթթիները երկուքի կիսեցի, եռացող ջուրին մէջ դնելէս առաջ: Ի՛նչ ընեմ… Մամաս անանկ կ’ընէր…

Եալլա՜… Մարդը, ասիկա որ տեսաւ, ուղղակի քրիզի մէջ մտաւ:

Պէտք է որ ըսփակեթթիները լման եթէի, եղեր: Աւելի համով կ’ըլլան այդպէս: Կամ, այդպէ՛ս է աւանդութիւնը: Ես ինչպէս համարձակած են սփակեթթին այդպէս կիսել, կոտրե՛լ… անարգե՛լ… ի՞նչ իրաւունքո՛վ, հը՞… հը ?!!

Քիչ մնաց, պիտի զարնէր ինծի – ձեռքովը -, այդ աններելի սխալիս համար:

Կարծեմ նոյնիսկ մերժեց ուտել պատրաստածս:

Կամ ալ, լաւ, չչափազանցենք: Անխելք չէր: Կերաւ:

Բայց ամէն մէկ պատառը առնելու ատեն, խոժոռ դէմքով գլուխը կը շարժէր… ծուռ-ծուռ, ինծի կը նայէր…

Ինչ որ է…

Այդ տղան, հետագային մաս կազմեց «Լիզպոնի Հինգ »ին:

 

* * *

Ազգային կալուածները նշեցի, բայց պէտք է որ պաշտպանէինք նաեւ այդ թաղերէն մեկնած հայերուն բնակարանները: Որպէսզի օտար փախստականները զանոնք չգրաւեն:

Ուրեմն պարբերաբար, այդպէս յարկաբաժին մը կը մտնէինք (յիշածովս, անջատ տուն չկար, չէր մնացած այդ թաղերուն մէջ), պատշգամին վրայ կը նստէինք, ոտքերնիս երկարած՝ ռէյլինկին վրայ: Որպէսզի այդտեղ մարդ երեւնայ, տունը լքուած չհամարուի, օտար մարդ չմօտենայ:

Այդ պահերուն, մեր ազգային-ազգայնական խիստ ճակատագրական զրոյցներէն զատ, միակ այլ, էական բանը որ կար ընելիք՝ պիրա խմելն էր:

Ոչ, չափը չէինք անցներ: Իրապէս: Բայց կը խմէինք: Միայն, պիրա: Որ արդէն, միջերկրականական երկրի ամառուայ եղանակին (Ցահալը այդ ժամանակ է որ մտաւ Լիբանան), դեռ ձեռքիդ քանէթը լման չպարպուած, խմած պիրադ արդէն քրտինքիդ հետ լման դուրս հոսած կ’ըլլայ օրկանիզմէդ:

Խնդիրը սակայն, այստեղ, պաղ պիրա ունենալն էր:

Արդարեւ, այդ օրերուն, ելեկտրականութիւն շատ քիչ կար: Մի քանի ժամ կու տային, յետոյ չկար:

Լուծումը գտանք:

Այն ժամերուն որ քահրապա կար, մեր պահակութեան վստահուած այդ բնակարաններուն սառնարաններուն մէջ, վերը, սառին բաժինը, լէկէնով ջուր կը դնէինք (այդ ալ, ջուրն ալ միշտ չկար. բայց երբ որ կար, կ’ապահովէինք, լոգարաններուն մէջ) : Ամանը սակայն լման չէինք լեցներ:

Մինչեւ որ ելեկտրականութիւնը նորէն կտրեն, այդ ջուրը կը դառնար կէս-տաշտ սառոյց: Անոր մէջ կը դնէինք գարեջուրի քանէթները կամ շիշերը (քանէթլը աւելի արագ կը պաղէր), եւ մինչեւ որ սառոյցը հալի, հանգստօրէն, մեր պաղ պիրաները կը ճմպէինք: Պատշգամին վրայ նստած, ոտքերնիս բարձրը տեաւորած: Հայոց բոլոր խնդիրները – արմատական կերպով – լուծելով, մեր անվերջանալի խօսակցութիւններուն մէջ: (Այդ օրերուն, այդ շրջանակներուն մէջ, ամէնքս լրիւ համաձայն, համախոհ եւ համակարծիք էինք իրարու հետ… Ուզածիդ չափ կրնայիր միասնաբար խմել, առանց անհաճոյ վիճաբանութեան… առանց կռուելու…)

Իսկ պահը աւելի հաճելի հանգստաւէտ դարձնելու համար, որպէս երաժշտութիւն, պաթարիայով, «թրանզիսթօր», փոքրիկ ձայնասփիւռներու շնորհիւ, որոնց հոգը չէր ուրեմն ելեկտրականութիւնը, աղուոր բաներ մտիկ կ’ընէինք:

Ռատիօ Մոնթէ-Քարլօ…

 

* * *

Իրենց հայ բնակիչներէն դատարկուած այդ տուները նաեւ կը գործածէինք պահակութեան համար: Մարտավարական դիրքեր էին մանաւանդ, վերէն՝ փողոցին վրայ նայող, բարձր յարկաբաժինները:

Մէկ հատ մը ատանկ կար, Ճեմարարի վարի մեծ դարպասին առջեւի փողոցին միւս կողմը, քիչ մը դէպի աջ, դէպի մզկիթը (եւ սափրիչս… հա, հա… այն ատեն, սափրիչի պէտք ունէի… հեյկիտի մազեր…) :

Պըճըլիկ, քարէ պալքոնիկ մը ունէր այդ տունը, խոհանոցին ուղղակի կից, անկէ բաժնուած՝ մէկ կողմը սահուն/միւսը խորտուբորտ, հաստ փլասթիքէ, գունագեղ վարագոյրով մը:

Զէնքը կը մնար մէժլէյին տակը, ջուրի խողովակին եւ կազի կարճուկ պոնպոնին մէջտեղը, պահակը կը նստէր դուրսը, հազիւ աթոռակի մը չափ տեղ ունեցող պատշգամին վրայ:

Շատ դժուար էր այդտեղ չքնանալը… Քանի որ շարժիլ չկար, երկու քայլ առնել իսկ չես կրնար, միայն պիտի նստիս, ամայի փողոցը դիտես… Կէս գիշերէն մինչեւ ժամը չորս: Պայթումները անգամ կը սկսէին այլեւս օրօրոցայինի պէս հնչել: Մանաւանդ երբ որ նոյնանման եւ կանոնաւոր կը դառնային:

Հիմա, յիշեմ նէ, արդէն քունս կու գայ կոր:

 

* * *

Բայց, Ճեմարանի գիշերօթիկը եւ խոհանոցը որ ըսի, միտքս դէպք մըն ալ եկաւ…

Այդ օրերուն, այդ շէնքին մէջ կը մնար լուսահոգի Օրիորդ Մանուշակը (եասսու Վահիկ… Վերը, Յաւերժական Լոյսերուն մէջ, միացաք իրարու, վստահ եմ…) :

Այդ բացառիկ ուսուցչուհին, այդ կացութեան մէջ, այդտեղ ռատիօժամի վերաբերեալ ձայնագրումներ կ’ընէր: Բարձրորակ երաժշտութեան քասէթներ ալ կը պատրաստէր, անոնց համար որոնք ուզէին:

Ու այդպէս, պահակութեան ուշ ժամերուն, գիշերային պայթումներու եւ կրակոցներու անդադար որոտումին մէջ, մտիկ կ’ընէինք նաեւ շէնքին վերեւի հարկերէն հնչող, դասական երաժշտութիւններ… Սպենդիարյան, Մսպենդիարյան… Գերիրական  մթնոլորտ էր:

Բայց կեցիր, այս ամէնը չէր, պատմելիք միջադէպս:

Ուրեմն, ահա:

 

 * * *

Օրիորդ Մանուշակը նաեւ, յաճախ, մեզի համար ճաշ կը պատրաստէր:

Օր մըն ալ այդպէս, սովորական սովահար վիճակով, մի քանի հոգիով հաւաքուեցանք խոշոր խոհանոցին մէջ, եւ Օրիորդ Մանուշակը յայտնեց որ շատ համով բան մը պատրաստած է: Վերի յարկը պահած է: Մէկը պէտք է որ ելլէ, կաթսան բերէ,  որ ուտենք:

Խաչիկը, իր բնորոշ ճէնթըլմէնութեամբ, կամաւոր եղաւ: Եւ աստիճաններէն վեր ելաւ, որպէսզի ճաշը բերէ:

Ետ իջած ատենը – այդ պահուն լոյս չկար –  տղան սխալ քայլ մը առաւ կամ սահեցաւ, եւ՝ եալլա՜, վերջին լման շարք մը աստիճանները, փա՜թ-քի՜ւթ, վերէն վար, գլորուեցաւ: Կողմնակի թոմպալախներով:

Բոլո՛րս մէկ, իրարու անցած, շատ մտահոգ դէմքերով, մէ՛կ անձի պէս ոտքի ցատկեցին, եւ անմիջապէս վազեցինք դէպի իրեն. որ վերջին աստիճանին ծայրը, գետինը պառկած էր, անշարժ:

Բայց… մեր միմիակ մտահոգութիւնը… ուտելիքի կաթսան էր: Ամման, պես ատիկա թափուած չըլլա՛ր:

Ուրեմն Խաչիկը մոռցած, զինք լման անտեսելով, առանց իրեն խօսք մը իսկ ըսելու, զգուշութեա՜մբ՝ գիրկէն առինք թենճիրէն (ուալլա տղան, այդքան իյնալու ընթացքին, ուշադրութիւն ըրած էր որ ճաշը գետին չթափի), եւ սփոփանքի խոր շունչ մը քաշելով, վերադարձանք սեղանին շուրջ:

Տղան այդտեղ ձգեցինք… Դեռ մի քանի վայրկեան առաւ որ սկսի շարժիլ… կարենայ, միսմինակը, ինքզինքը հաւաքել, ախ-ուխ քաշելով, ոտքի ելլել… եւ եկաւ, թոփալ-մոփալ, միացաւ մեզի: Մինչ իր կողմը դեռ նայող իսկ չկար: Կ’ուտէի՛նք կոր:

«Մերսի, իսկապէս շա՛տ մերսի, որ իմ վիճակովս այդքան մտահուեցաք»ի պէս բաներ մը ըսաւ, տակաւին հագուստները թօթափելով, մէջքը շփելով ու շտկելով… եւ մեր շարունակուող, կատարեալ անտարբերութեան մէջ, ինք ալ – դէմքը ցաւէն ճմռթկելով – նստաւ… պնակ մը առջեւը քաշեց… Լաւ որ աւելի չուշացաւ. թէ ոչ, իրեն ուտելիք ալ չէր մնար:

Բայց կարծեմ յաջորդ առաւօտ, պահակափոխութեան պահուն, տաքուկ եւ կակուղ մէնէյիշ մը բերի իրեն, մօտակայ փուռէն:

Կամ ալ, հաւանաբար ոչ:

Բայց եկէք այդպէս յիշենք հիմա, խիղճիս համար:

 

 * * *

Այս հակիրճ յուշագրութեան ամենասկիզբը, նշեցի սինէմայի – ու նաեւ թէլէվիզիոնի – ֆիլմերու մէջ, դասական դրուագ մը:

Տարիներէ ի վեր, ամէն անգամ որ այդպիսի ֆիլմ մը կը դիտեմ, եւ կը հասնինք այդ դրուագին, անպայման միտքս կու գան Զոգագ էլ Պլաթի պահակութեան օրերս:

Եւ ամէն անգամ, դարձեալ կը գիտակցիմ թէ, տակաւին ու ընդմիշտ, որքան պարտական եմ՝ Աստուծոյ:

Նախ, քանի որ ապրած եմ այդ օրերը:

Ապա, քանի որ ողջ դուրս ելած եմ այդ օրերէն:

Բայց անկէ ի վեր, երբէք տակը չեմ մնացած, չէ՞, Տէր:

Ու դեռ կը շարունակեմ պարտքս ջանալ փակել:

 

Հայդուկ Շամլեան

02 Յուլիս 2022

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...