image
Հրատապ լուրեր:

«Պատգամաւորները պիտի այցելեն Արցախ». Լիլիթ Մակունց

«Պատգամաւորները պիտի այցելեն Արցախ». Լիլիթ Մակունց

Պնդումը, թէ իշխանութեան ներկայացուցիչները պատերազմէն ետք Արցախ չեն այցելեր, իրականութեան չի համապատասխաներ: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի ղեկավարութիւնը արգելք կամ խնդիր ունի Արցախ այցելելու հարցով:

«Մեր պատգամաւորներն այցելում են Արցախ: Դուք գիտէք, որ օրինակ մեր պատգամաւորներից Նազելի Պաղտասարեանն աշխոյժօրէն զբաղւում է ռազմագերիներին առնչուող խնդիրներով եւ իրենք պարբերաբար այցելում են»,-ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական վերնախաւին, Մակունցն ըսած է, որ պէտք է իրենց հետ կապ հաստատել ու հարցնել, ինքը կրնայ խմբակցութեան մասին խօսիլ. «Իրենց այցելութիւնների ժամանակացոյցից ես տեղեակ չեմ»: