image

Պատերազմի վիրաւորներուն օգնութեան հասնելու պատրուակով դրամաշորթութեան դէպք

Պատերազմի վիրաւորներուն օգնութեան հասնելու պատրուակով դրամաշորթութեան դէպք

Դատական տեղեկատուական համակարգէն յայտնած են, որ Արաքսիա Արայիկի Յովհաննէսեանին մեղադրանք առաջադրուած է անոր համար, որ ան 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սանձազերծած ռազմական յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած զինուորներուն ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերելու նախաձեռնութեամբ այցելած է ՀՀ-ի մէջ գործող տարբեր բժշկական կեդրոններ, լուսանկարահանած է վիրաւորուած եւ բժշկական օգնութիւն ստացող զինուորները, որմէ ետք յիշեալ լուսանկարները տեղադրած է ընկերային կայքերու իր անձնական էջերուն վրայ եւ վերջիններուս բուժման եւ այլ կարիքներուն համար գումարային աջակցութեան խնդրանքով դրամահաւաք կազմակերպած, միաժամանակ մօր՝ Սոնիա Յովհաննէսեանի անունով հաշուեհամար բացած է, այն տեղադրած է կայքերուն մէջ ու համապատասխան գրառումներով եւ ուղիղ հեռարձակմամբ կազմակերպուած տեսաուղերձներով յորդորած է բարերարներուն դրամահաւաքի գումարները ուղարկել այդ հաշուեհամարին:

Բացի այդ, ան տեղեկացուցած է, որ Ռուսիա բնակող Նինա Աճեմեանը նոյնպէս պատերազմական գործողություններու ընթացքին վիրաւորումներ ստացած զինուորներուն ֆինանսական աջակացութեան նպատակով դրամահաւաք կ'իրականացնէ, վստահութիւնը չարաշահելով՝ տիրացած է այդ գումարի մէկ մասին:

Անոր մեղադրանք առաջադրուած է սուտ մատնութեան եւ իւրացնելու յօդուածներով, խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: