Արցախի օրագրութեան հետեւողներուն համար յստակօրէն կ'ամրանայ այն գաղափարը, որ արեան ու զոհաբերութեան ճանապարհով իր անկախութեան իրաւունքը նուիրագործած Արցախցի ժողովուրդը ոչ մէկ անգամ «մոռցած» է, որ ինք տակաւին կ'ապրի պատերազմի մէջ:
Ճիշդ է, որ արեան գնով գծուեցան Արցախի սահմանները, սակայն բոլորին քաջ յայտնի է, որ Հայաստանի ու հայութեան հակառակորդ երկիր՝ Ազրպէյճանի համար այդ սահմանները ընդունելի չէ եւ աւելին եթէ լսենք «Ալիեւեան գլան»ի պատասխանատուներու «բոցավառ» յայտարարութիւնները ապա պարզ կը դառնայ, որ անոնք ոչ միայն Արցախը կ'ուզեն «իրենցը ընել» այլ նաեւ աչք ունին Հայաստանի վրայ:
Ջղագառութեան եւ հիստերիայի սահմանումներու առաջնորդուող այդ յոխորատնքները յճախ կ'ընկերակցուին զինուորական գործողութիւններով, որոնց ամէնէն ազդեցիկը 1994 թուականին հաստատուած հրադադարէն ետք թուականի ապրիլեան չորսօրեայ ռազմական գործողութիւններն էին:
Բաց աստի, որ այդ գործողութիւնները ջուրի երես կը հանէին այն փաստը, որ Ազրպէյճան շատ հեռու է խաղաղութիւն կերտելու կամ խաղաղութեան մէջ ապրելու գաղափարէն, ի յայտ կու գար նաեւ, որ Պաքու նպատակ ունի իր բոլոր միջոցները ծառայեցնել Արցախը հայաթափումի մատնելու, աւերելու եւ սպաննելու:
Այս որոգայթներուն դիմաց ալ կարմիր թելի մը պէս կ'ընդգծուէր ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ հայութեան միաւորուելու եւ ի գին բազում զոհողութիւններու Արցախեան հողը պաշտպանելու յանձնառութիւնը:
Ապրիլեան քառօրեան կ'աւարտէր մեծ կորուստներով ու հարիւրէ աւելի նուիրեալ զինուորներ իրենց արիւնով ու գարուն կեանքերով կը պաշտպանէին Արցախի հողը:
Դէպքերն անշուշտ կը վերադառնային իրենց նախկին հունին ու այս անգամ Մոսկուայի թելադրանքներով Պաքու կ'ընդունէր վերահաստատել հրադադարի ընդհանուր վիճակը շփման գօտիին վրայ:
Բացի հարիւրէ աւելի նահատակներէ Արցախցիները ականատես կը դառնային նոր փորձութեան եւ տեղահանութեան ու սակայն կ'ամրագրուէր այն միտքը, որ ներկայ պահու դրութեամբ ամբողջ հայութիւնը իրաւունք չունի հանգիստ կերպով փակել իր աչքերը եւ տարուիլ խաղաղութիւնը սպասողի դերով:
Երբ պիտի հնչէ յաջորդ պատերազմի առաջին կրակոցը ցարդ յայտնի չէ, սակայն յստակ է, որ Արցախի մէջ առկայ զգօնութիւնը պէտք է վարակիչ օրինակ դառնայ ամբողջ հայութեան համար: