2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան 118 համայնք ամբողջութեամբ, իսկ 2 համայնք` մասնակի, կամ ընդհանուր 215 բնակավայր անցած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ: Այդ բնակավայրերէն բռնի տեղահանուած է մօտ 40.000 անձ, ինչը պայմանաւորած է այդ անձերուն` Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային իրաւական ակտերով սահմանուած իրաւունքներու` սեփականութեան, աշխատանքային, կրթութեան, ընկերային ապահովութեան, բնակութեան վայրի ազատ ընտրութեան եւ ազգային ու միջազգային իրաւական պաշտպանութեան ներքոյ գտնուող այլ իրաւունքներու զանգուածային եւ աննախադէպ խախտումներու, որոնց հետեւանքները բռնի տեղահանուած անձերը կրած են նաեւ 2021 թուականի ամբողջ ընթացքին:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը տուեալները հրապարակած է ԱՀ Ազգային ժողովին մէջ` 2021-ի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան վիճակի մասին տարեկան հաղորդումը ներկայացնելով:
Տարուայ ընթացքին ՄԻՊ աշխատակազմին կողմէ մշտադիտարկման այց կատարած են տեղահանուած անձերու կեդրոնացուած բնակութեան հաստատութիւններ, հաւաքագրած են խնդիրները ու զանոնք ներկայացուցած են պետական լիազօր մարմիններուն:
Չնայած պետութեան կողմէ ներդրուած մեծածաւալ ջանքերուն, բռնի տեղահանուած անձեր կը շարունակեն բախիլ բնակարաններու սղութեան, չհիմնաւորուած բարձր բնակարանային վարձքերու, ընկերային աջակցութեան այս կամ այն ծրագրերէ անհիմն դուրս մնալու, կորսուած փաստաթուղթերու վերականգնման ուղղութեամբ պիւրոքրաթական քաշքշուքներու եւ շարք մը այլ հարցերու: