Այն որ պատերազմները միշտ ալ յղի կ՚ըլլան անկիւնադարձային զարգացումներով բոլորիս համար պարզ է։ Խնդիր է սակայն, որ Ուքրանիոյ դէմ ընթացք առած եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմը բոլոր առումներով ծանր հետեւանքներ ունենալու հիմնական տուեալները ունի։
Նախ պէտք է հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, որ մինչեւ այս պահը Մոսկուա չկարողացաւ բեկումնային հարուած մը տալ Ուքրանական կողմին։
Ճիշդ է, որ Ռուսական ուժեր կարողացան երկրի երկրորդ կարեւոր կարեւոր քաղաքը ՝ Խարքովը, իրենց տիրապետութեան տակ առնել, սակայն Քիէւի ուղղութեամբ անոնց յառաջացումը, ոչ միայն դանդաղեցաւ, այլ նաեւ այդ ճանապարհին անոնք (ռուսները) կրեցին մեծ կորուստներ։
Այս առումով սակայն անհնար է հաշուի չառնել այն հիմունքը, որ Ռուսաստանի նման կեդրոնացեալ իշխանութիւն ունեցող երկիր մը նման գրոհի մը առընթեր իր հիմնաւոր հաշուարկները չէ կատարած, անշուշտ ի մտի ունենալով, որ բոլոր պարագաներուն ալ յարձակող կողմն է, որ կ՚ունենայ մեծ կորուստներ, ալ չխօսինք այն մասին, որ Ուքրանիա մուտք գործելը, ոչ միայն դժուարին ու բարդ գործ մըն է, այլ նաեւ այն, որ Ուքրանիոյ բանակը զինուած է ամէնէն արդիական զէնքերով։
Ամէն պարագայի յառաջիկայ ժամերը տակաւին յղի են, ու գերազանցապէս գետնի վրայ ընթացող զարգացումները եւ թնդանօթներու հռնդիւնն է, որ ամբողջական պիտի դարձնէ այն ենթադրութիւնը, թէ դէպի ինչ ուղղութիւն կ՚ընթանայ այս պատերազմը։
Ճիշդ է, որ հիմնուելով իր ռազմական ուժին վրայ, Ռուսաստան վերջ ի վերջոյ իր ձեռքերուն պիտի առնէ նախաձեռնութիւնը եւ վերջնական հարուածքով մը հասնի ամբողջական իշխանափոխութեան։
«Արեւմտեան պլոք»ի նոր կեցուածքը
Շաբաթ փետրուարի առաւօտը բարացուցական իմաստով դարձակէտային եղաւ այս պատերազմին համար։ Մասնաւորապէս Եւրոպական ամենափարձր մակարդակներու վրայ պաշտօնատար անձիք կամաց-կամաց հող պատրաստեցին դէպի Ուքրանիա ռազմական օժանդակութիւններ առաքելու որոշման համար։ Այս կէտին մէջ կարեւոր եղաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի կողմէ հնչած յայտարարութիւնը, որ ոչ միայն իրենց նեցուկը «կը թարմացնէր» Ուքրանիոյ հանդէպ այլ նաեւ կը յայտարարէր, որ իրենք ռազմական եւ նիւթական մեծ օժանդակութիւններ առաքել պաշտօնական Քիէւին։
Այս յայտարարութիւններէն բացի Մաքրոն նաեւ կը խօսէր այն մասին, որ այս պատերզամը երկարաձգուելու բոլոր հիմքերը ունէր, լուռ համոզում մը յայտնելով, որ իրենք եւրոպացիք ոչ մէկ կերպ պատրաստ են խաղաղարար նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալու։
Նոյնանման յայտարարութիւններ կը հնչէին ՆԱԹՕ-ի պատասխանատուներէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահէն եւ նախագահի խօսնակներէն, ընդհուպ մինչեւ Գերմանիոյ Կանցլէրի յայտարարութիւնները, որ կիրակի օր «Պունտէսթակ»ի առջեւ եւ որուն «յանուն ժողովվրդավարական» եղած խօսքերը յաճախ կ՚ընթհատուէին ծափողջոյններով։
Ի դէպ «Արեւմտեան պլոք»ի ներկայացուցիչներուն խօսքերը հաշուի առնելով մարդ ապշահարութեամբ կ՚երթայ այն համոզումին, որ այս մարդիկ, վերէն վար եկած են այն համոզման, որ այս պատերազմը «պէտք» մըն էր ու տեղի ունեցածը լաւ է այնքան ժամանակ, որ տեղի կ՚ունենանյ միջնորդաւորուած կերպով։ Այսինքն իրենք չեն կռուիր, զինուոր չեն առաքէր, դրամ կը ղրկեն, զէնք-զինամթերք կը ղրկեն ու կը սպասեն, որ ինչ որ կերպ Վ. Փութինի «գլուխը կը կտրուի»։
Միամիտ ե՞ն այս մարդիկ, գուցէ, միտումնաւոր կ՚ընեն այս բոլորը, անշուշտ միտումնաւոր կ՚ընեն, եւ մարմին կու տան ԱՄՆ-ի այն հին-նոր մօտեցումին, որ իրենք ուղղակիօրէն պատերազմի մէջ «չկան» այլ կը «պաշտեն» միջնորդաւորուած պատերազմները։
Այս մարդիկ սակայն կը մոռնան, որ Մոսկուան Պաղտատ չէ, Մոսկուան Դամասկոս չէ, եւ աւելին Մոսկուայի մէջ որոշում առնողները գլխաւորութեամբ Վ. Փութինին Տոհայի մէջ իրենց դիմաց նստած Թալէպանի մոլլաները չեն (ամենայն յարգանք անոնց)։ Երկիր, որ երկու համաշխարհային պատերազմներու պարագային ալ որոշիչ դեր ունեցած է իսկ այսօր անոր դէպի տաք ջուրեր արշաւանքով եկած է նոր վերափոխումներու նոր ժամանակը։
Ամէն պարագայի այս բոլորը հաշուի առնելը մէկ կողմ դնելով եւրոպացիք եւ ամերիկացիք արդիական զէնքեր կը ղրկեն Զէլէնսքիի իշխանութեան տակ եղող բանակին, մոռնալով նաեւ այն վարկածը, որ նոյն այդ զէնքերը պիտի անցնին Ռուսական բանակին ձեռքը։
«Swift»-էն դուրս կեանք կա՞յ, այո կայ...
Այս պատերազմը կը պատկանին պատերազմներու այն «խումբ»ին, որուն մէջ տնտեսական «զէնքեր»ը եւ գործօնները մեծ նշանակութիւն ունին։
Կազի, Ոսկիի, նաւթի առընթեր Ռուսաստանի համար թերի երեսակ կը համարուի դրամական-ելեւմտական փոխանակումի համակարգը, որուն դիմաց ալ «Արեւմտեան պլոք»ը վայրկեան միսկ չփախնելով կ՚անցնէր գործի։ Եւ այսպէս ռուսաստանեան հարիւրաւոր մեծահարուստներու, անձամբ ՌԴ նախագահ Վ. Փութինի եւ ԱԳ նախարար Ս. Լաւրովի, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ դրամական մեծ կարողութիւններու տէր ռուս օլիկարխներու դէմ յայտարարուած պատիժներէն ետք, Արեւմուտքը կը հասնէր իր «մուրազ»ին եւ համաշխարհային կշիռ ունեցող դրամափոխանցման «Սվիֆթ» համակարգէն դուրս կը նետէր Ռուսաստանը։
Եղածն անշուշտ անսպասելի չէր Ռուսաստանի համար, ու չի բացառուիր նաեւ, որ Մոսկուա յառաջիկայ օրերուն ընթացք տայ Ռուսաստանի «ձեռագործ»ը համարուող դրամական համակարգի մը, որուն կայացման համար ալ կրնայ դիմել Չինաստանի նեցուկին։
Ամէն պարագայի սակայն աւելի քան ակներեւ է, որ այս պատիժները (ինչպէս օրեր առաջ ալ արտայայտուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սիւնակով), որ Մոսկուան ծունկի բերելու բաւարար ներուժ մը չունին։
Կրնա՞ն ազդել Ռուսաստանի բնականոն տնտեսական շարժերուն վրա՞յ, այո կրնան, սակայն անկարող են քաղաքական ռումբի մը վերածուելու, տրուած ըլլալով նաեւ, որ ասոնց դիմաց Մոսկուան ունի Եւրոպացիներուն կազային պաշարներէ (այնքան կենսական) զրկելու արդար իրաւունքէն։
Ամէն պարագայի տակ տնտեսական այս պատկերէն անդին ինծի կը թուի, որ Փութին կը հատէր ամէն մակարդակի հիմնարար «կարմիր գիծեր»ը իր երկրի կորիզային պաշարին ու կորիզային զօրքերուն կանչելու «խիստ պատրաստուածութեան» մակարդակին։
Վերջին ժամ. Բանակցութիւններու առաջին նիստ
Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, Միջազգային լրահոսը տեղեկութիւններ կը բաշխէր այն մասին, որ Ռուսաստան-Ուքրանիա բանակցութիւններու առաջին հանդիպում մը պիտի կայացուի Պելառուսիոյ սահմանին գտնուող շրջանի մը մէջ, որուն գաղտնիութիւնը կը դառնար առանցքային։
Ցարդ յստակ չէ, եթէ այս բանակցութիւնները, ինչ որ դրական արդիւնքի մը, հրադադարի մը պիտի առաջնորդեն, բայց եւ այնպէս ուշագրաւ է, որ տեղի ունեցած բանակցութեան այս փորձը առաջ կը տարուի Ուքրանիոյ տագնապը «Արեւմտեան պլոք»ի մեծ սեղանէն հեռու տանելու Ռուս-Պելառուսական բացայայտ ճիգով մը։
Ինչպէս աւելի վաղ ալ ըսած եմ, այս պարագային կրկնելու գնով հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ պատերզամի այս փուլին մեծագոյն «խօսափող»ը կամ ձայն ունեցողը ռազմի դաշտերուն վիճակն է, հոն տեղի ունեցածը եւ անշուշտ մայրաքաղաք Քիէւի որ կողմին տիրապետութեան տակ մնալը։ Հետեւաբար յառաջիկայ ժամերը, մեծ հաշուով ապաւէն պիտի ըլլան իրապէս հասկնալու համար, որ դէպի ո՞ւր կերթայ երկար տարիներէ ի վեր Եւրոպայի տարածքին մօտ աննախընթաց եղող, եւ բաւականին թէժ այս պատերազմը։
Սագօ Արեան