ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2023 թուականի ընթացքին ծախսած է 528,81 միլիառ դրամ, կատարողականը կազմած է 99,8%։ Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։
«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմից իրականացուող պետական բիւջէի գործառնական դասակարգման թուով 5 ծրագրով 2023 թուականի համար հաստատուած նախահաշիւներով տարեսկզբին յատկացուել է 517,28 մլրդ դրամ ֆինանսական միջոցներ։ Տարուայ ընթացքում դա աւելացել է 9,19 մլրդ դրամով եւ կազմել 526,47 մլրդ դրամ։ Ճշդուած նախահաշիւների շրջանակներում կատարողականը կազմել է 525,81 մլրդ դրամ կամ 99,8 տոկոս»,– նշած է Պապիկեանը։
Նախարարն ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած` 2023 թուականը բաւականին բարդ տարի էր Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՀ Զինուած ուժերու համար։ Տարուայ ընթացքում զօրքերը հիմնականում գտնուել են մարտական տարբեր պատրաստականութեան աստիճաններու վրայ, իսկ կառավարման մարմիններն ուժեղացուած ռեժիմով աշխատած են։ Մայիս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն, անվտանգային իրավիճակի սրման հետ կապուած, Զինուած ուժերը բերուած է պատրաստականութեան տարբեր աստիճաններու։ Մարտական հերթապահութիւնը եւ ատոր զուգահեռ մարտական բարձր պատրաստականութեան պայմաններուն մէջ ծառայութիւնն իրականացուած է Զինուած ուժերու կարողութիւններու վերականգնման, վերակազմաւորման եւ համալրման գործընթացներուն զուգահեռ։
Նշենք, որ նիստը շարունակուած է փակ ձեւաչափով, լրագրողներէն խնդրած են դուրս գալ դահլիճէն, իսկ ներկաներն իրենց հեռախօսները դրած են փակ արկղի մէջ, որ ինչպէս յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանն ըսած է` հակառակորդը չլսէ գաղտնի խօսակցութիւնները։
Նիստին կը մասնակցէին նաեւ ՀՀ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար–լեյտենանտ Էդուարդ Ասրեանը, միւս տեղակալները` Արման Սարգսեանն ու Հրաչեայ Սարգսեանը։