Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներ՝ Վլատիմիր Փութին եւ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան 9 Ապրիլին հեռախօսային բանակցութիւններ կատարած են Լիպիոյ, Սուրիոյ, Տոնպասի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: Այս մասին գրած է k-politika.ru կայքը:
Բացի այդ, անոնք քննարկած են «Քորոնա» ժահրը եւ Սթամպուլեան ջրանցքի կառուցումը: Կայքը պարզած է փորձագէտներէն, թէ որքանով Անգարան յուսալի գործընկեր է Մոսկուայի համար, եւ ինչ օգուտներ կրնայ ունենալ այդ համագործակցութիւնը:
Վլատիմիր Ավատքով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական ակադեմիայի դոցենտ նշած է.-
«Թուրքիան յետխորհրդային տարածքէն ներս շատ աշխոյժ է՝ խթանելով հանգոյցի գաղափարախօսութիւնը: Ան ինքզինք կը դիրքաւորէ որպէս ծանրութեան կեդրոնը հիւսիսի, հարաւի, արեւմուտքի եւ արեւելքի համար: Այս առումով անոր համար շատ կարեւոր է օգտագործել յետխորհրդային տարածքի ներուժն ու միջոցները, որու մէկ մասը, ինչպէս Թուրքիան կ'ըսէ, եղբայրական է իրեն համար: Ցեղային եւ կրօնական ինքնութիւններու ֆոնին, որոնք այժմ մեծ մասսայականութիւն կը վայելեն ամբողջ աշխարհով, ան կը փորձէ ստեղծել միջազգային յարաբերութիւններու իր ենթահամակարգը, ուր պետութիւնները պիտի փոխգործակցին ըստ թրքական կանոններուն: Ըստ այդմ, Ռուսաստանը չի կրնար անտեսել Անգարայի գործօնը, յատկապէս որ անցեալ 30 տարիներու ընթացքին ան աճեցուցած է ազդեցութեան ամբողջ խումբեր յետխորհրդային տարածքէն ներս:
Ինչ կը վերաբերի Կովկասին, ապա անոր միջոցով Թուրքիան կը փորձէ փոխադրային միջանցք կառուցել դէպի Կեդրոնական Ասիա: Այս ճանապարհին հիմնական խոչընդոտը Հայաստանն է, որու հետ Անգարան չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ռուսաստանի համար Թուրքիոյ այս ձգտումը մէկ կողմէն սպառնալիք է, իսկ միւս կողմէն՝ հնարաւորութեան պատուհան, քանի որ Մոսկուան կը կարողանայ նաեւ բացուած ուղիներով օգտագործել իր արտադրանքը Հայաստան, Թուրքիա եւ այլ երկիրներ մատակարարելու համար: Կասպից տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը կրնայ յանգեցնել, որ Անգարան կամ առաջ կը բերէ անկայունութեան աղեղը կամ ալ ընդհակառակը, կը համագործակցի Ռուսաստանի հետ՝ անվտանգութեան միասնական համակարգ ստեղծելու համար»:
Իսկ Ալեքսէյ Մաքարքին, քաղաքագէտը նշած է. -
«Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են շահերու եւ համաձայնագիրներու վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, սկիզբը Անգարան կը համարուէր ընկեր, այնուհետեւ ինքնաթիռ խոցեցին (2015-ին Սու -24 Մ ռմբակոծիչ, սպաննուեցաւ օդաչու Օլեկ Փեշքովը), եւ ան վերածուեցաւ թշնամիի, իսկ այժմ Թուրքիան «ոչ բարեկամ է եւ ոչ թշնամի, այլ այնպէս»: Ան մնացած է այդ կարգավիճակին մէջ: Երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր շահերը, որոնք ինչ որ կերպ կը համաձայնեցուին: Օրինակ ՝ Սուրիոյ մէջ անոնք համաձայնած են, որ իւրաքանչիւրը ունի իր ազդեցութեան գօտին, եւ պիտի չըլլայ քրտական գոգցես պետութիւն: Լիպիոյ մէջ անոնք կարողացած են կազմել նոր կառավարութիւն, ուր չկայ ո՛չ մարշալ Հաֆթարը, որու վրայ ժամանակին խաղադրոյք կը կատարէր Ռուսաստանը, ո՛չ ալ Սարաժը, որ մօտ էր Թուրքիոյ:
Հակամարտութիւնը այնտեղ, ի հարկէ, հեռու է աւարտէն, բայց որոշակի առաջընթաց կայ:
Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիան բացայայտօրէն կ'աջակցէր Ատրպէյճանին անոր վրէժխնդրական ձգտումներուն, մինչդեռ տարածաշրջանէն ներս Ռուսաստանի համար իրավիճակը շատ աւելի բարդ է: Մէկ կողմէն անհրաժեշտ է պաշտպանել Հայաստանը, իսկ միւս կողմէն կարելի չէ վիճիլ Անգարայի հետ, քանի որ այդ պարագային Սուրիան ու Լիպիան կ'առկախուին: Միեւնոյն ժամանակ, Փութինը եւ Էրտողանը պայմանաւորուած են Կովկասի մէջ փոխադրային միջանցքներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութեան մասին: Ըստ ամենայնի, խօսքը փաթեթային համաձայնութեան մասին է, որ ձեռք բերուած է Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն ետք: Այնուամենայնիւ, բացի ճանապարհներէն, կան շատ այլ նրբերանգներ: Օրինակ ՝ գերիներու ազատման հարցը: Ատրպէյճանը կ'ըսէ, որ արդէն ազատած է բոլորը, իսկ անոնք, որոնք մնացած են, ահաբեկիչներ են, սակայն Հայաստան այլ կարծիքի է: Ակնյայտ է, որ հարցը կը լուծուի «դու` ինձ, ես` քեզ» սկզբունքով, բայց կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ աւելին ստանալ եւ աւելի քիչ տալ: