Ռուս գործարար Օլեկ Տերիփասկան Telegram-ի իր ալիքով յայտարարած է, որ մայիս 25-էն առաջ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն պէտք չէ սպասել։
Ան յիշեցուցած է, որ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը իր աշխատանքը պիտի սկսի Տավոսի մէջ, եւ, ըստ կազմակերպիչներու, հիմնական թեմաները պիտի ըլլան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները։
Տերիփասքան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները համաժողովին ներկայացուած պիտի ըլլայ ամենաբարձր մակարդակով. պիտի մասնակցին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը:
Միաժամանակ միլիառատէրը ափսոսանք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ կառուցողական խօսակցութիւն պիտի չըլլայ, քանի որ ռուսական պատուիրակութիւն պիտի չմասնակցի։
«Թէեւ մենք Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն չենք ակնկալեր մինչեւ մայիս 25-ը։ Օրակարգի վրայ է նաեւ Կազայի հատուածի հակամարտութիւնը. ատոր լուծումը պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Իսրայէլի հետ միասին»,- նշած է ան։