94 տարեկանին մահացած է ԽՍՀՄ նախարարներու խորհուրդի նախկին նախագահ, Հայաստանի ազգային հերոս Նիքոլայ Ռիժքովը։
Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մաթվիենքօն, հաղոդած է ԹԱՍՍ-ը։
Ռիժքովը 1985-1991 թուականներուն եղած է ԽՍՀՄ նախարարներու խորհուրդի նախագահ։ 2003 թուականէն Պելկորոտի մարզէն Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի անդամ է։
1988 թուականի դեկտեմբեր 7-ին նշանակուած է Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքները համակարգող համամիութենական յանձնաժողովի նախագահ։ Եղած է աղէտէն տուժած վայրերու մէջ, հսկայական կազմակերպչական աշխատանք կատարած է բնակչութեան անհետաձգելի օգնութիւն ցոյց տալու, աւերուած քաղաքներն ու գիւղերը վերականգնելու ուղղութեամբ։
Ռիժքովը միջազգային ասպարէզի մէջ հանդէս եկած է հայանպաստ ելոյթներով, կարեւորած Հայաստան-Ռուսիա ռազմավարութեան անհրաժեշտութիւնը։
Գիւմրիի մէջ տեղադրուած է Ռիժքովի յուշատախտակը՝ դիմաքանդակով, Սպիտակի մէջ՝ կիսանդրին։
2008 թուականի դեկտեմբեր 5-ին արժանացած է «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման։