Թուրքիա- Թրքական բանակը «Պարէտային ժամ» յայտարարած է Տիարպէքիրի մէջ: Նշենք, որ Թուրքիոյ բանակի մեծաթիւ հրասայլեր տարածուած են Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ: Այս հատուածին մէջ կը գտնուի «Հայկական թաղամաս»ն ու Հայոց Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին: Հակառակ շրջանին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան շրջանի բնակիչներ փողոց իջնելով պահանջած են վերջ տալ այդ դրութեան: Իրավիճակը կը մնայ լարուած եւ որեւէ պահու կրնան բախումներ գրանցուիլ: