Մոսկուան շահագրգռուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորմամբ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ։
Լաւրովի խօսքով՝ Ռուսիան անկեղծօրէն կը ձգտի կարգաւորելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները՝ ատոր համար որպէս ամուր հիմք դիտարկելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագրերու ամբողջութիւնը։
«Դուք միշտ կրնաք յոյս դնել մեր աջակցութեան վրայ՝ թէ՛ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ բոլոր կողմերու շահերը հաշուի առնելով մարդասիրական հարցերու լուծման հարցերով», – ընդգծած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։