image

Պաքուի կողմէ.Ռուբէն Վարդանեանին դէմ մեղադրանք (Տեսանիւթ)

Պաքուի կողմէ.Ռուբէն Վարդանեանին դէմ մեղադրանք (Տեսանիւթ)

Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ՝ 1968 թուականի ծնունդ Ռուբէն Կառլէնի Վարդանեանին, որ ներկայիս ՀՀ քաղաքացի է, մեղադրանք առաջադրուած է 214-1 (Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում), 279.3 (զինուած խմբաւորումներու կամ խմբաւորումներու ստեղծման եւ գործունէութեան մասնակցիլը) յօդուածներով եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 318.1 (պետական ​​սահմանի ապօրինի հատում) յօդուածով:

Հաստատուած են հիմնաւոր կասկածներ, որ ան կատարած է յանցաւոր արարքներ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի յօդուածներով»։