Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ՝ 1968 թուականի ծնունդ Ռուբէն Կառլէնի Վարդանեանին, որ ներկայիս ՀՀ քաղաքացի է, մեղադրանք առաջադրուած է 214-1 (Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում), 279.3 (զինուած խմբաւորումներու կամ խմբաւորումներու ստեղծման եւ գործունէութեան մասնակցիլը) յօդուածներով եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 318.1 (պետական սահմանի ապօրինի հատում) յօդուածով:
Հաստատուած են հիմնաւոր կասկածներ, որ ան կատարած է յանցաւոր արարքներ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի յօդուածներով»։