image

Պաքուի հակահայ սադրանքները կը շարունակուին. Մինչեւ ե՞րբ

  Պաքուի հակահայ սադրանքները կը շարունակուին. Մինչեւ ե՞րբ

Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին խօսելու ատեն ամէն գնով պէտք է հաշուի նստիլ արտաքին գործօններուն հետ։ 

Անշուշտ այս թեման վերջին օրերուն քննարկման նիւթ դարձաւ, երբ Սիւնեաց աշխարհի Տեղ գիւղին մէջ ատրպէյճանական հերթական անգամ սադրանքի դիմեցին, որուն հետեւանքով ալ հայկական կողմը ունեցաւ  զոհ։ 

Ռազմական լարումը արագօրէն նահանջեց, բայց եւ այնպէս քաղաքական խմորումները տակաւին կը շարունակուին։

 Այս մասին  իր մեկնաբանութիւնները տուած է Սագօ Արեան, որուն կարծիքով ալ Ալիեւ ներկայ փուլին կը գտնուի  աներեւելի ճնշումներու տակ։ 

Նախ իր ամբողջ «ուզածներ»ը չըստանալու պատճառով ու նաեւ իր դաշնակից՝ Թուրքիոյ զբաղուածութեան հետեւանքով։

 Նշենք նաեւ, որ տեսանիւթին իր մասնակցութիւնը կը բերէ, հայրենի ատրպէյճանագէտ՝ Տաթեւիկ Հայրապետեան, որն իր կարգին կը մեկնաբանէ եւ լոյսին կը բերէ Ալիեւեան վարչակազմին ցուցաբերած վարքագիծն ու հակահայկական նկրտումները։

 Մնացածը ՝ տեսանիւթով։

 Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։